Friday May 24, 2013

Պըրրի. «Ամալ Շարժումը Կը Զօրակցի Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրինագիծի Մը, Որ Կը Գործադրուի Լիբանանը Մէկ Ընտրաշրջանի Վերածելով»

By adminx - Thu Apr 12, 6:49 am

Պըրրի` Ղովմի կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ  Ամալ շարժումը համաձայն է ընտրական այն օրէնքին, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանի մէջ կը գործադրուի ամբողջ երկիրը մէկ ընտրաշրջանի վերածելով:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ եւ ոչ միայն օրէնքներ ու ծրագիրներ մշակէ` առանց զանոնք գործադրելու:

Պըրրի հարց տուաւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան, որ 1948-էն ի վեր արդեօք բաւարար չէ՞ միայն մէկ թշնամի ունենալ: «Հետեւաբար ինչո՞ւ կը փորձէք նաեւ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն մօտ թշնամի փնտռել», հարց տուաւ Պըրրի:

Ակնարկելով Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք դիրք բռնելու քաղաքականութեան` Պըրրի շեշտեց, որ այդ քաղաքականութենէն օգտուած են ե՛ւ ընդդիմութիւնը, ե՛ւ իշխանամէտները:

Պըրրի յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ ծովային սահմանագծում կատարել եւ քարիւղի պեղումներուն սկսիլ:

Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը` ընկերակցութեամբ պետական նախարար Ալի Քանսոյի:

Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement