Tuesday May 21, 2013

Նախագահ Ասատ Խստիւ Կը Դատապարտէ Ալի Շաապանի Սպանութիւնը

By adminx - Thu Apr 12, 6:48 am

Պաաս կուսակցութեան ղեկավար Ֆայեզ Շքըր երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Շքըր յայտնեց, որ նախագահ Ասատ խստիւ կը դատապարտէ Ալի Շաապանի սպանութիւնը եւ յանձնառու է, որ այդ դէպքին կապուած դրդապատճառները բացայայտուին: Ան յայտնեց, որ նախագահ Ասատ կ՛ողջունէ ազատ, արհեստավարժ եւ առարկայական լրագրութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս հանգրուանին կողմնակալ լրատուութիւնն ու ապատեղեկատուութիւնը սպառնալիքի վերածուած են Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ:

Այս շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ատնան Մահմուտ ցաւակցագիր մը յղեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին եւ խոր ցաւ յայտնեց քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան առիթով:

Մահմուտի այս ցաւակցագիրէն օրինակ մը սուրիական ՍԱՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութեան անձնակազմին մէկ պատուիրակութիւնը յանձնեց Ալի Շաապանի ընտանիքին, Մայֆատունի մէջ:

Մահմուտ իր ցաւակցագիրին մէջ շեշտեց, որ Շաապան նահատակուեցաւ իր պարտականութեան ճամբուն վրայ` աւելցնելով, որ անկէ վառ յիշատակներ ունի սուրիական իշխանութիւնը, երբ ան այցելեց Դամասկոս եւ «Ժատիտ»-ի անձնակազմին հետ նկարահանումներ կատարեց Սուրիոյ մէջ:

Ալի Շաապանի հայրը` Ահմետ Շաապան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ողջունեց Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարին մարդկային մօտեցումն ու հետաքրքրութիւնը` իր զաւկին սպանութեամբ, շեշտելով, որ ինչպէս Ալի հարաւային Լիբանանի զաւակն էր, նոյնպէս ալ Սուրիոյ զաւակն էր:

Իր կարգին, Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի յայտնեց, որ ինք սուրիական կողմին հետ կը հետեւի Շաապանի սպանութեան հետաքննութեան` աւելցնելով, որ սուրիական կողմը իր հետաքննութեան արդիւնքները պիտի յղէ լիբանանեան իշխանութեան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը տեղեակ պիտի պահէ անոնց մանրամասնութիւններէն:

Խուրի աւելցուց, որ սուրիական ուժերը պատրաստ են հետաքննութիւնը ընդարձակելու, եթէ Լիբանանի կողմէ այդ մասին յստակ տուեալներ տրամադրուին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏ

Տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Այս ծիրին մէջ, տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի:

Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` յարգելու համար նահատակ Ալի Շաապանի յիշատակը:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումին վերաբերող մանրամասնութիւնները, որոնց նկատմամբ արձանագրուած են հակադիր կեցուածքներ եւ տարակարծութիւններ:

Նիստէն ետք ֆատլալլա յանձնախումբին անունով խստիւ դատապարտեց Ալի Շաապանի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան անյապաղ աւարտելու հետաքննութիւնն ու պաշտպանելու լրագրողները:

Նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի պահանջեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը հարցաքննութեան կանչել: Այս մասին սակայն Ֆատլալլա ըսաւ, որ այդ պահանջը տեղեկատուութեան յանձնախումբին իրաւունքը չէ, այլ` արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement