Այսօր Զինադադարի Հաստատման Պայմանաժամը Կ՛Աւարտի. Անան Եւ Չինաստան Կը Զգուշացնեն
By adminx - Thu Apr 12, 6:39 am
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Թեհրանի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ տագնապի զինուորական բնոյթին մէջ որեւէ աճ աղէտալի պիտի ըլլայ»: Ան նշեց, որ սուրիական կառավարութենէն երաշխիքներ ստացած է, որ զինադադարին յանձնառու է:
Անան յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը զինադադարի հաստատման Ապահովութեան խորհուրդին ճշդած պայմանաժամէն` այսօրուընէ սկսեալ բարելաւուի, եւ յայտարարեց, որ «եթէ բոլորը` կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը յանձնառու ըլլան, կը կարծեմ, որ վաղուընէ (այսօրուընէ) սկսեալ գետնի վրայ կացութեան յստակ բարելաւում մը պիտի նշմարենք եւ կրնանք յառաջդիմութիւն տեսնել»:
Սալեհի իր կարգին յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութեան պէտք է առիթ ընծայել Պաշշար Ասատի ղեկավարութեան տակ բարեփոխումներ կատարելու»:
Մինչ այդ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիու Ուայմին յայտարարեց, որ Փեքին «խոր մտահոգութիւն» կը յայտնէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու շարունակման առնչութեամբ եւ սուրիական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրը գործադրելու: Ան աւելցուց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը եւս պէտք է անմիջապէս հրացանաձգութիւնը դադրեցնէ:
Բանբերը զինադադարի հաստատման համար Ապահովութեան խորհուրդին ճշդած այսօրուան պայմանաժամին ակնարկելով նշեց, որ «սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումի մը հասնելու հարցը վտանգաւոր հանգրուանի հասաւ»:
Միւս կողմէ, Քիլիսի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներու ճամբարին վրայ սուրիական կողմէն դարձեալ կրակոց արձակուեցաւ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ միջադէպը տեղի ունեցաւ Անանի ճամբար այցելութենէն ետք:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 19:00-ին գաղթականներու դէպի Թուրքիա հոսքը աճ արձանագրեց: Սուրիացի զինուորներ դէպի Թուրքիա փախչող շուրջ հարիւր հոգինոց խումբի մը ուղղութեամբ կրակ բացին, ինչ որ ճամբարին մէջ խուճապ ստեղծեց, որովհետեւ որոշ փամփուշտներ հասան մինչեւ ճամբար: Թրքական ոստիկանութիւնը թուրք լրագրողներուն արգիլեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտենալ:
Թրքական բարձրաստիճան աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ուրբաթ օր Ռիատ իր այցելութեան ընթացքին սէուտական ղեկավարութեան հետ պիտի քննարկէ ՄԱԿ-ի մէջ յառաջիկայ քայլերուն բնոյթը, մասնաւորաբար սուրիական վարչակարգին քաղաքներէն սուրիական ուժերը հեռացնելու պայմանաժամը չյարգելուն լոյսին տակ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երեքշաբթի երեկոյեան Ռուսիան մեղադրեց Ասատի` իշխանութեան վրայ մնալուն զօրակցելու համար: «Որոշ կառուցողական միջոցառումներուն ընդունման հարցին մէջ անոնց (Ռուսիոյ) մեզի չմիանալը Ասատին կ՛արտօնէ իշխանութեան ղեկին մնալ, ըլլալ լաւ զինուած եւ արհամարհել սեփական շրջանի, ժողովուրդի ու աշխարհի պահանջները», ըսաւ Քլինթըն:
Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիք կայ, եւ խոստացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ 11-12 ապրիլին Ուաշինկթընի մէջ ունենալիք հանդիպումին ընթացքին Ռուսիան «համոզել» գոնէ միանալու այն միջոցառումներուն, որոնք թոյլ պիտի տան ապահովել երկրին մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը:






