Saturday May 18, 2013

Ռոմնի` Հանրապետական Կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Փաստացի Միակ Թեկնածուն

By adminx - Thu Apr 12, 6:37 am

Միթ Ռոմնի

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներուն մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող, Փենսիլվանիա նահանգէն նախկին ծերակուտական, ծայրայեղ պահպանողական Ռիք Սանթորում հաստատած է, որ չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ դուրս կու գայ նախընտրական պայքարէն:

Սանթորումի այս քայլէն ետք, չափաւոր դիրքորոշում ունեցող մորմոն քաղաքական գործիչ, Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Միթ Ռոմնի փաստացի կերպով կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութենէն նախագահութեան միակ թեկնածուն:

Փաստօրէն օգոստոսի վերջաւորութեան տեղի ունենալիք կուսակցական ընդհանուր ժողովի գլխաւոր խնդիրը լուծուած է:

Ռիք Սանթորում հարազատ Փենսիլվանիա նահանգի ընտրողներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «ատիկա դիւրին որոշում չէր… Մենք այդ որոշումը անցեալ շաբաթավերջին տուած ենք: Մենք այսօրուընէ կը դադրեցնենք պայքարը»:

Այդ յայտարարութիւնը հնչեց Սանթորումի կրած շարք մը ընտրական պարտութիւններուն, ինչպէս նաեւ 24 ապրիլին Փենսիլվանիա նահանգին մէջ նախատեսուած նախնական ընտրութիւններուն շուրջ լրատուամիջոցներուն կատարած իրեն համար անբարենպաստ նախատեսութիւններուն լոյսին տակ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement