Saturday May 25, 2013

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» Կը Սկսի «Տեսակրպակ» Նախագիծի Գործադրութեան

By adminx - Wed Apr 11, 6:48 am

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը 10 ապրիլ 2012-ին ներկայացուց նոր «Տեսակրպակ» նախագիծը: Նախագիծին նպատակն է ամբողջ աշխարհին մէջ նպաստել Հայաստանի պատմական յուշարձաններու ճանաչման:

Առաջին սարքը տեղադրուած է Էջմիածինի մէջ` Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ կից: Ատիկա կարելիութիւն կ՛ընձեռէ բոլոր փափաքողներուն, վճարելով ընդամէնը 500 դրամ, տեսագրելու 1 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ մը եւ ուղարկելու զայն որեւէ ելեկտրոնային հասցէով: Սարքը տեղադրուած է այնպէս, որ ձայնագրելու ընթացքին խորապատկերին վրայ կ՛երեւի եկեղեցին:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ առաջարկուող ժամանակակից արհեստագիտութիւններու կիրարկման շնորհիւ տեսակրպակը տեսահաղորդագրութիւններու միջոցով յուզիչ պահերը անմիջապէս նկարահանելու եւ ուրիշներու հետ օնլայն կիսելու ամէնէն դիւրին տարբերակն է: Ատիկա զգալիօրէն կը կրճատէ այդ պահերը նկարահանելու եւ հեռու գտնուող ընկերներուն ու ընտանիքի անդամներուն հետ կիսելու ժամանակը: Պատմական, կրօնական ու մշակութային յուշարձաններու եւ վայրերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու այս յարմարաւէտ լուծումը կ՛օգնէ այցելուներուն մօտ ձեւաւորելու ամուր զգացմունքային կապ պատմական վայրերուն հետ», նշեց «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին կը նախատեսուի նմանատիպ ութ սարքեր եւս տեղադրել Հայաստանի տարածքին վրայ գտնուող տարբեր պատմամշակութային յուշարձաններու կողքին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement