«Ազդակ»-Ի Ապրիլեան Բացառիկը` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Հետ Գործակցաբար
By adminx - Wed Apr 11, 6:15 am
Ընթացքի մէջ են «Ազդակ»-ի ապրիլեան բացառիկի պատրաստութեան աշխատանքները, որոնք այս տարի կ՛իրականացուին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ գործակցաբար:
Բացառիկին կ՛աշխատակցին շուրջ 30 աշխատակիցներ` հանրածանօթ մտաւորականներ, հրապարակագիրներ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներ Հայաստանէն, սփիւռքի զանազան գաղութներէն եւ Լիբանանէն: Անոնք Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով լուսարձակի տակ կ՛առնեն Ապրիլեան եղեռնի պատմութեան անծանօթ ծալքերը, Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ հայութեան արդար իրաւունքներուն հատուցման հարցը:
Բացառիկը կ՛ընդգրկէ յուշագրական, մեկնաբանական եւ փաստագրական նիւթեր:





