ՀՅԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
By adminx - Tue Apr 10, 6:51 am
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ իր նախընտրական քարոզարշաւին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը երէկ «Էրեբունի Փլազա» պանդոկին մէջ ներկայացուց 6 մայիսին տեղի ունենալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ նախընտրական քարոզչութիւնը պիտի ըլլայ աշխուժ, նպատակային եւ յաղթական: Դաշնակցութիւնը այս վճռականութեամբ սկսաւ իր նախընտրական քարոզչութեան:
«Որպէսզի մեր երկիրը երկիր դառնայ… Մենք համոզուած ենք, որ քարոզչութեան հիմքը նախընտրական ծրագիրն է, անոր համար ալ մեր քարոզչութիւնը կը սկսի նախընտրական ծրագիրի ներկայացումով», նշեց ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան իր կարգին նախընտրական ծրագիրի ներկայացման ժամանակ նշեց, որ այսօրուան քաղաքական դաշտին մէջ ՀՅԴ-ն ունի լուրջ մրցակիցներ, եւ անոր հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ այդ ուժերուն նկատմամբ ունենալ աւելի էական յաղթանակ:
Շատերը, կարդալով ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը, ատիկա կ՛անուանեն առաւելապաշտական: «Այո՛, ՀՅԴ ծրագիրին մէջ կայ առաւելապաշտութիւն: Եթէ մեծամասնութիւն դառնանք, մենք պէտք է յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին յաջողինք հասնիլ այն բանին, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացին ազատ ըլլայ: Հակառակ պարագային` շատ դժուար պիտի ըլլայ հետագային ապրիլ այս երկրին մէջ: Ինքնանպատակ չէ ունենալ պետութիւն, ուր քաղաքացին ազատ է», ըսաւ Դաւիթ Լոքեան:
Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը պիտի ստեղծէ բարեփոխումներու գործակալութիւն, կազմակերպէ եւ կանոնակարգէ կատարուող բարեփոխումները:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրով արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը պէտք է դառնայ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու սերտացումը` միաժամանակ պահպանելով յարաբերութիւնները ԱՊՀ-ի եւ ասիական կառոյցներուն հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նաեւ շեշտեց, որ իրենց ընկերային-տնտեսական ծրագիրին հիմնական երկու կէտերն են` համախառն արտադրանքի զօրաւոր աճը եւ ստեղծուած բարիքներու հաւասար ու արագ բաշխումը: «Մենք խորհրդարան մտնելու պարագային պէտք է ընդլայնենք Լեռնային Ղարաբաղին տրուող օգնութեան չափը», աւելցուց ան:
«Խնդիրները բարդ են, բայց իրականանալի ու հաւանական, եթէ դառնանք յաղթող ուժ: ՀՅԴ-ի ամէնէն հիմնական եւ կարեւոր ուժը կառոյցի միասնութեան մէջ է: Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի զօրաշարժի երթարկուած», նշեց Դ. Լոքեան:
ՀՅԴ-ն այն համոզումը ունի, որ ընկերային հարցը մարդու ազատութեան հարցն է:
Ներկայացնելով ՀՅԴ նախընտրական ծրագրի ընկերային մասը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախկին նախարար Արսէն Համբարձումեան հրապարակեց ՀՅԴ-ի երեք հիմնական մօտեցումները այն կէտին շուրջ, որ ընկերային հարցը մարդուն ազատութեան հարցն է:
«Ազատ քաղաքացի, համերաշխ ժողովուրդ եւ հզօր երկիր, ասիկա է մեր տեսլականը եւ ասոր ուղղուած են ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրի կէտերը», նշեց ան:
Դաշնակցութիւնը ընկերային հարցերուն մէջ կը ներկայանայ հետեւեալ ծրագրային առաջարկներով` աշխատանք եւ զբաղուածութիւն, աշխատավարձեր եւ արտագաղթ-ժողովրդագրութիւն: Ըստ ծրագիրին, յառաջիկայ հինգ տարիներուն կը նախատեսուի ստեղծել մինչեւ 240 հազար նոր աշխատատեղեր:
«Մենք ընկերային քաղաքականութիւնը կը դիտարկենք տնտեսական քաղաքականութեան հետ մէկ միասնութեան մէջ: Պիտի ընդունուի երկրին մէջ աշխատավարձերու սահմանման միասնական ռազմավարութիւն: Նուազագոյն աշխատավարձերը կրնանք հասցնել 63 հազար դրամի, այսինքն` ներկայէն կրկնակի աւելի», նշեց Արսէն Համբարձումեան:
Իր կարգին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ ներկայացուած բոլոր ծրագիրներն ու մօտեցումները պիտի մնան թուղթի վրայ, ինչպէս նաեւ շատ օրէնքներ ու սահմանադրութիւն, եթէ Հայաստան չունենայ այնպիսի իշխանութիւն մը, որ ծառայէ իր ժողովուրդին:
Ան յայտնեց, որ այս իրավիճակը չի կրնար փոխուիլ, քանի տակաւին այս երկրին մէջ տեղի չէ ունեցած ամբողջական իշխանափոխութիւն, որ պիտի նշանակէ գործող վարչախումբի, ինչպէս նաեւ անոր սպասարկող համակարգի փոփոխութիւն: «Մենք կը կատարենք այն առաջարկը, որ պետութիւնը պիտի վերադարձնէ ժողովուրդին», նշեց ան:
Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, այսօր Հայաստանի մէջ նոյնացուած են կուսակցութիւն, իշխանութիւն եւ պետութիւն եզրերը: Իսկ այս իրավիճակէն ձերբազատուելու համար, ըստ անոր, պէտք է հրաժարիլ նախագահական համակարգէն եւ անցնիլ խորհրդարանական համակարգին:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ յայտնեց, որ նախագահի աթոռին շուրջ կը ձեւաւորուի իւրայիններու խումբ մը, որոնք կ՛իւրացնեն պետութեան պաշարները եւ կը դառնան պետութիւն: Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ անցնիլ խորհրդարանական համակարգի: Հայաստանի վիճակը այն է, որ կարելի է կտրուկ գործողութիւններ իրականացնել: Դաշնակցական գործիչը աւելցուց, որ անոր համար անհրաժեշտ է սահմանափակել պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը, քանի որ պատգամաւորները կու գան խորհրդարան, որպէսզի իրենք զիրենք պաշտպանեն:
Ըստ անոր, ընտրութիւնները պէտք է դառնան իշխանութեան փոփոխութեան միջոց: Ան շեշտեց, որ եթէ ընտրութիւնները միայն իշխանութիւններու վերարտադրման պիտի ծառայեն, անոնք փոփոխութեան չեն յանգեցներ: Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ այսօր այդ համակարգը պէտք է փոխուի, որպէսզի մարդիկ հասկնան, թէ ընտրութիւնը միջոց մըն է, որով ինք կրնայ փոխել իշխանութիւնը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արա Նռանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը իր նախընտրական ծրագիրով կ՛ապացուցէ վերջին տարիներուն իր կողմէ իրականացուած քաղաքականութեան հետեւողականութիւնը եւ յայտարարուած բոլոր թիրախներուն հասնելու վճռականութիւնը:
Ան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն միակ կուսակցութիւնն է, որ այս 5 տարիներուն ընթացքին ամբողջութեամբ հետամուտ եղաւ իր կողմէ 2007 թուականի խորհրդարանական, 2008 թուականի նախագահական եւ 2009 թուականի աւագանիի ընտրութիւններուն ներկայացուած նախընտրական ծրագիրներու դրոյթներուն: «Աւելի՛ն. ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ նոյնիսկ ընդդիմադիր կարգավիճակին մէջ գործելով, ՀՅԴ-ն աւելի հետամուտ եղած է իր ընտրողներուն տուած խոստումներուն կատարման, քան իշխող քաղաքական համաձայնական կառավարութիւնը: Նոյնիսկ եղած են իրավիճակներ, երբ Դաշնակցութիւնը աւելի պահանջատէր եղած է կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին մէջ ամրագրուած դրոյթներու իրականացման, քան գործադիր իշխանութիւնը: Մենք նաեւ կը փաստենք մեր հաւատարմութիւնը տակաւին տարիներ առաջ ներկայացուած` արտահանման խրախուսման ռազմավարական հայեցակարգին, հակամենաշնորհային քաղաքականութեան մեր տեսլականին, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան կողմէ իւրաքանչիւր տարի հրապարակուող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան եւ յաջորդ տարուան պետական պիւտճէի վերաբերեալ տեսակէտներուն: Փաստօրէն, ՀՅԴ-ն մեր իրականութեան մէջ միակ քաղաքական ուժն է, որ ամէն տարի կը ներկայացնէ այլընտրանքային պիւտճէ», ըսաւ Արա Նռանեան:





