Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւն. Քրիստոսի Խաչելութեան Նուիրուած Երեկոյ
By adminx - Tue Apr 10, 6:19 am
Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան երիտասարդացին, ուրբաթ, 6 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, եղբայրակցութեան աղօթասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի խաչելութեան նուիրուած երեկոյ` ներկայութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սեպուհ Գարավարդանեան, որ նշեց, թէ Քրիստոսի գալուստը մարդկութեան փրկութեան համար էր, որպէսզի ստանձնէ մարդոց ցաւն ու վիշտը: Գարավարդանեան ներկայացուց քրիստոնէութեան մէջ խաչին իմաստն ու կարեւորութիւնը:
Ապա երիտասարդներ երգերով եւ նուագներով Քրիստոսի խաչելութեան խորհուրդը ներկայացուցին: Օրուան պատգամախօսն էր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ հաստատեց, որ Աւագ շաբաթը խորհրդածելու առիթ է, որուն ընթացքին հաւատացեալները պէտք է մտածեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան ապրիլ Աստուծոյ ծառայելով: Հայր սուրբը շեշտեց, որ խաչելութեան տխուր առիթին կը յաջորդէ ուրախութեան տօնը, երբ համայն մարդկութիւնը կը փրկուի մեղքերէն:
Զոհաբերութիւններուն պատրաստ ըլլալու կոչեր ուղղելէ ետք, Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան յայտնեց, որ խաչը խորհրդանիշ է պարծանքի, ուրախութեան, յաղթանակի եւ երկնային արքայութեան, որ իւրաքանչիւր անհատ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած:
Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը շեշտեց, որ պէտք է Քրիստոսի ներկայութիւնը դարձնել մարդոց կեանքին կեդրոնը եւ ապրիլ Քրիստոսի համար:





