«Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Ընդդիմութիւնը Այժմ Պէտք Է Լուրջ Քայլեր Առնեն» Կ՛Ըսէ Կաթիլով
By adminx - Sat Apr 07, 6:41 am
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Սուրիոյ շուրջ հրապարակած նախագահական համաձայնական հաղորդագրութիւնը «այս երկրին մէջ տագնապը լուծելու հիմնաքար մըն է»` աւելցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը այժմ պէտք է լուրջ քայլեր առնեն»:
Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մելատինով քուէյթեան «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ ստեղծելու հարցին շուրջ քննարկումներն ու վէճերը իրենց աւարտին մօտեցած են:
Մինչ այդ, լաւատեղեակ աղբիւր մը սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի աշխատակազմը եւ սէուտցի պաշտօնատարներ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն երկու կողմերուն միջեւ հանդիպումի մը յարմար թուական մը ճշդելու համար:
Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ յայտնած, որ սուրիական ուղղաթիռներ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ գործողութիւններ կը կատարեն, եւ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 2800 սուրիացի քաղաքացիներ Թուրքիա ապաստանած են:
Տաւութօղլու Քի Մունին հեռաձայնած է առաւօտեան ժամը 2:00-ին` անմիջապէս, որ սուրիական ուղղաթիռներուն կատարած գործողութեան լուրը տեղեկացած է: Ան ըսած է, որ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարները հրաւիրած է, եթէ կ՛ուզեն, զարգացումները Թուրքիոյ սահմանէն դիտելու:






