Sunday May 26, 2013

Տօներ-Սովորութիւններ. Զատիկը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

By adminx - Thu Apr 05, 5:32 am

Զատիկ բառը վերջնականապէս ստուգաբանուած չէ, շատերու կարծիքով, անիկա կը նշանակէ զատում, բաժանում, հեռացում մեղքերէ եւ վերադարձ` դէպի Աստուած:

Շարժական այս տօնը թէ՛ Հին եւ թէ նոր կտակարաններուն մէջ կը համարուի մեր մեծագոյն տօներէն մէկը: Անիկա կապուած է ազատագրութեան եւ փրկագործութեան զոյգ խորհուրդներուն հետ:

Զատկական սովորութիւնները երկրէ երկիր

Հայոց մէջ Զատիկը ունէր իր ծիսական ծառը, իր առանձնայատուկ տիկնիկները, կերակուրները եւ ծիսական խաղերը: Ծիսական ծառը կը խորհրդանշէր անցեալը, ներկան եւ ապագան, այդ ծառին վրայ մեր նախնիները կը կախէին ձեռքով գործուած հաւկիթներ:

Զատկուան առտուն մարդիկ պէտք էր զոհաբերութիւն ընէին, օրուան խորհուրդը ոչխարն էր: Գիւղին կամ թաղին բնակիչները դրամ կը հաւաքէին եւ հաւաքուած գումարով ոչխար կը գնէին: Ոչխարը կը համարուէր օրուան ամէնէն սուղ մատաղը: Մատաղէն ետք մարդիկ եկեղեցի կ՛երթային, կը մասնակցէին պատարագին, յետոյ, տուն գալէ ետք, կը ճաշէին եւ զատկական խաղեր կը խաղային նախօրօք խաշուած եւ կարմիր ներկուած հաւկիթներով:

Զատկուան տօնին առիթով կը պատրաստուէր ՆՈՒԻԿ կերակրատեսակը, ինչպէս նաեւ` ՈՒՏԱՊԸ, որ հաւկիթով եւ մածունով պատրաստուած խմոր էր: Անոր մէջ կը լեցնէին գինձ կամ սոխով լուբիա: Օրուան խորհուրդներն էին նաեւ ԳԱԹԱՆ, ձուկը, տարբեր տեսակի կանաչեղէնները, բրինձով եւ չամիչով կամ ծիրանի հիւթով եղինձը: Եղինձն ալ  կը խորհրդանշէր ժողովուրդն, իսկ մէջի չամիչը կամ չիրը` անոր հաւատքը:

***

Յունաստանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, Զատիկի շաբաթը մեծ Պահքի խիստ ծոմապահութենէն եւ մանաւանդ չարչարանքներու օրերէն ետք, «Քրիստոս յարեաւ»-ը մեծ տօնախմբութեան մը նշանաբանը կը դառնայ եւ ամէն տեղ երկու օր շարունակ կերուխում, պար ու երգով տեղի կ՛ունենան ժողովրդային զանազան ելոյթներ:

Սուրբ թաղումի շրջագայութեան եւ Աւագ ուրբաթ օրուան գիշերային արարողութեան դպրաց դասերը սաղմոսելու համար իրենց տեղը կը փոխանցեն փոքրիկներու երգեցիկ խումբերուն:

Թաղման թափօրը չսկսած` դագաղը կը զետեղուի եկեղեցւոյ դրան առջեւ, եւ բոլոր եկեղեցականները անոր տակէն անցնելով` կ՛ելլեն բակը, ուր կը սկսի թափօրի շրջագայութիւնը` հոծ բազմութեան հետեւողութեամբ, ձեռքերնին մոմերով, սաղմոսերգութիւններով կ՛անցնին թաղամասի կեդրոնական ճամբաներէն:

Տուներուն պատուհանները լոյսերով եւ գունաւոր լապտերներով զարդարուած կ՛ըլլան: Յաջորդ օրը ոչ ոք կը բացակայի յարութեան սուրբ արարողութենէն:

Փոքրիկները իրենց գրպանները կարմիր հաւկիթ եւ անուշեղէններով անհամբեր կը սպասեն մեծ պահուն` զանոնք ուտելու համար:

Ընտանիքին պետը, Յիսուսի եւ իր ընտանիքի անդամներուն համար բռնած մոմերը, յարութեան արարողութենէն ետք, կը վառէ քահանայ հօր մոմէն, իսկ տղաքը հօրը ձեռքը համբուրելով` կ՛առնեն իրենց մոմերը:

Յետոյ կը սկսի խնճոյքը, կերուխումը եւ կը շարունակուի մինչեւ առաւօտ եւ ամբողջ կիրակին, միայն քանի մը ժամ դադարով, հետեւելու համար յարութեան երեկոյեան արարողութեան:

Սիրոյ տօն մըն է ասիկա, որուն ընթացքին կենցաղի ամէն միջոց անտեսելով` բոլորին իրարու համբոյրներ փոխանցելու առիթը կը տրուի:

Յաջորդ առաւօտուն, նախապէս մորթուած գառնուկը բացօթեայ կրակին վրայ դարձնելով` կը շարունակուի խնճոյքը, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան զանազան մարզախաղեր:

Այսպէս, յունական բոլոր գիւղերուն մէջ, իրարմէ փոքր տարբերութիւններով եւ տեղական սովորութիւններով կը տօնուի Զատիկը:

Քրիստոնեայ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ Զատիկը միշտ տարուան մեծագոյն տօնն է եւ կը տօնուի բացառիկ վայելչութեամբ:

Անշուշտ ամէն ժողովուրդ ունի իր սովորութիւնները:

***

Հունգարացիներուն համար Աւագ ուրբաթ օրը «մաքրութեան» օր մըն է եւ այդ օրը գիւղերուն բնակիչները կ՛երթան գետերու մէջ լողալու, յետոյ գետի ջուրէն տուն բերելով` կը գործածեն տան մաքրութեան համար, եւ բոլոր տուները մաքրութենէ կը փայլին: Հունգարացիներուն համար Աւագ ուրբաթ օրը մեծ սուգին խիստ ծոմապահութեան օր մըն ալ է: Գիշերը բոլոր լոյսերը կը մարեն եւ մեռելային լռութիւն կը տիրէ: Զատիկի կիրակին բոլոր հունգարացիները կ՛երթան եկեղեցի, ուր քահանան, մեծ սակառի մը մէջ, կ՛օրհնէ հացը, խոզի միսը, հաւկիթները եւ ախորժաբեր բողկը:

Յաջորդ օրը, երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ, իրարու վրայ ջուր թափելով կ՛արտայայտեն իրարու փոխադարձ զգացումները:

***

Իտալիոյ մէջ, նմանապէս, Զատիկը տուներու մաքրութեան օր մըն է:

Զատիկին ամէն մէկ թաղամասի քահանան տուները այցելելով` կ՛օրհնէ Զատկուան ուտելիքները: Վատիկանի մէջ Զատիկին քահանայ հայրերուն կը նուիրեն գառնուկներ, իսկ անցեալին ժառանգական առաւելութիւն մը ունեցող ընտանիքի պետ մը քահանայապետին արմաւենիի ճիւղեր նուիրելով` կը ստանայ անոր սուրբ օրհնութիւնը:

Այս սովորութիւնը սրբագործուած է անցեալին, երբ նախահայր մը հասած ու կրցած է մարել հրդեհ մը, որ կը սպառնար կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը:

***

Ֆինլանտացի փոքրիկներուն համար Զատիկը քրիստոնեայ այլ երկիրներու ծննդեան տօնի նման, նուէրներու օր մըն է:

Զատիկի նախօրեակին փոքրիկները վարժարանի ծխնելոյզին վրայ իրենց գուլպաները կախելով` կ՛աղօթեն «Զատիկի տիրոջ», որ նուէրներ լեցնէ:

Իտալիոյ մէջ ալ Զատիկը կը կազմակերպեն կիներու միջեւ վազքի առաջնութեան մրցումներ եւ այս մրցումներուն կը մասնակցին միայն տակաւին չամուսնացածները: Յաղթողը իբրեւ մրցանակ` կը ստանայ մետաքսէ դերձանով, ձեռքով հիւսուած գեղեցիկ շապիկ մը:

***

Սեւիլի մէջ, Սպանիա, Զատիկը յաղթանակի, անկեղծութեան եւ մատնութիւնը դատապարտելու օր մըն է:

Գիւղերու ճամբաներուն, ամէն տեղ կը կախեն Յուդայի տիպարները եւ ամէն անցնող կը թքէ, կ՛աքացէ, կը մտրակէ եւ ետքը զայն կը նետեն Կուանտալքիվիր գետին մէջ:

***

Արեւմտեան երկիրներու մէջ, սակայն, միջնադարեան ժամանակներէն ի վեր սրբագործուած են բացառիկ սովորութիւններ, որոնք Աւագ շաբթու ամէն մէկ օրը, նկարագրական ձեւով, կ՛արտայայտեն Յիսուսի ունեցած կեանքը եւ չարչարանքները, որոնք տակաւին որոշ չափով կը պահուին զանազան երկիրներու գաւառային բացառիկ կեդրոնավայրերու մէջ:

***

Ֆրանսայի Ռուսիէոնի մէջ Յիսուսի խաչելութեան օրը տեղի կ՛ունենայ սրբանկարներու տողանցքը մը եւ անոր մասնակցողները կը հաւատան, թէ իրենց գործած մեղքերուն համար թողութիւն կը ստանան:

Նոյն գիշերը, Բերբինիանի Այլի եւ Քոլիուրի գաւառները կը վերստանան իրենց միջնադարեան երեւոյթը, ուր 13-րդ դարէն սկսեալ մեղաւոր մարդիկ իրենց գլուխը եւ ամբողջ մարմինը ծածկող կարմիր պատմուճան մը հագնելով, Յիսուսի տառապանքները պատկերացնելով` յոգնասպառ գնացքով կը քաւեն` իրենց մեղքերը:

Նոյն օրը, Պորժէ շրջանին Արոյիս գիւղի բնակիչները Յիսուսի չարչարանքներու կենդանի պատկերացումով եւ հռոմէացի զինուորներու զգեստներ հագած թափօրով մը կը բարձրանան գիւղի բլուրին վրայ, որուն լանջերուն կառուցուած են 32 եկեղեցիներ եւ մատուռներ:

Զատկական միջնադարեան աւանդութիւններուն ամենամեծ հաւատքը եւ սուրբ պատկերացումները տեղի կ՛ունենան Քորսիքայի Պասթիա եւ Աժաքսիօ, Քալվի եւ Պոնիֆացիա քաղաքներուն մէջ, ուր «Հաւատացեալներու եղբայրակցութիւններ»-ու կազմակերպութեամբ Աւագ շաբթու բոլոր օրերուն, տեղի կ՛ունենան Յիսուսի չարչարանքներուն ողբերգական պատկերացումները` իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով:

***

Սպանիոյ մէջ ալ զատկական օրերը բացառիկ եւ աւելի ողբերգական երեւոյթ մը կը ստանան: Անծանօթ մնալու մտածումով գլխուն կարմիր բոժոժ մը հագած, կամաւոր «մեղաւոր» մը, բոկոտն, ուսին շալկած մեծ ու ծանր խաչով, գնացքով մը կ՛անցնի սալաքարապատ խորտուբորտ ճամբաներէն եւ երբեմն վար իյնալով, իր կրած բեռին ծանր ըլլալը ցոյց տալով` դանդաղօրէն կը բարձրանայ Գողգոթա` օգնական ունենալով ուրիշ անծանօթ մը, որ կը ներկայացնէ Սիմէոն Կիւրենացիի կերպարը:

Եւ ամէն տարի, այս նոյն եղանակը կրկնելով, ցոյց կու տան Աստուածորդւոյն մարդկութեան փրկութեան համար ընծայած զոհաբերութիւնները:

 

Խոհագիր

Քլիշա

Բաղադրութիւն

- 6 – 7 գաւաթ ալիւր
- 2 գաւաթ արդար իւղ եւ կարագ` հալած
- 1 1/2 գաւաթ շաքար
- 1/2 թ. դգալ իւրաքանչիւրէն` կասիա (տարչին, մեխակ, մշկընկոյզ (նաթմեկ), շումրայ, մահլեպ
- 2 ապուրի դգալ թթխմոր (Instant Yeast)
- Պտղունց մը աղ
- Շուշմայ եւ 1 հաւկիթի դեղնուց եւ 1 թէյի դգալ կաթ` երեսը քսելու

Պատրաստութիւն

1.- Վերոնշեալ բաղադրութիւնները բոլորը միասին խառնել, լաթով մը ծածկել, տաք տեղ մը պահել 2-3 ժամ, որ թթուի:

2.- Թթուելէն ետք կլորաձեւ քահքէներու վերածել, երեսը հաւկիթի դեղնուց-կաթ խառնուրդը քսել, վրան շուշմայ ցանել եւ եփել միջակ տաքութեամբ փուռի մէջ, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Արմաւով միջուկ

1.- Կասիա (տարչին), ընկոյզ, արմաւ եւ կարագ իրարու խառնել` ստանալու համար միջուկ մը:

2.- Կարելի է վերոնշեալ խմորը լեցնել այս միջուկով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ինձ Ի՞նչ Զատիկ
Կարմիր-Կանաչ…

Ինձ ի՞նչ Զատիկ կարմիր-կանաչ
Ու խնդութեան մեծ տօնի,
Երբ եղբայրս հիւանդ, քաղցած,
Թափառական, տուն չունի:

Ինձ ի՞նչ բերկրանք, ուրախութիւն,
Քրիստոսի յարութեան,
Երբ տարագիր ստրկութիւն,
Կեանքն է մաշում յաւիտեան:

Իմ Զատիկը թշուառ աչքիս
Բարօրութիւն է միայն,
Այնժամ միայն մի ձու ձեռքս
Կ՛ասեմ տօն է յարութեան:

Մի խեղճ ազգի, որ դարերով
Իր մշտահոս ալ արեան
Անմեղ հոսած կաթիլներով
Ներկել է ողջ Հայաստան:

ՇՈՒՇԱՆԻԿ ԿՈՒՐՂԻՆԵԱՆ

1906 թ.

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement