Thursday May 23, 2013

«Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Թղթածրարի Քննարկումէ Կը Խուսափի, Որովհետեւ Իշխանութիւնը Շարունակականութիւն Է» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

By adminx - Wed Apr 04, 6:46 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Սելիմ Քարամ, Սելիմ Ժրայսաթի, Ֆայսալ Քարամէ եւ Նիքոլա Նահհաս:

Կառավարութիւնը քննարկեց 62 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այս նիստը կառավարութեան կազմութեան օրէն ի վեր գումարուած 50-րդ նիստն է` աւելցնելով, որ անիկա խորհրդանշական թիւ մըն է եւ մաղթելով, որ անոր արտացոլումը կարելի ըլլայ շօշափել կառավարութեան աշխատանքները արդիւնաւէտ դարձնելու իրողութեան մէջ:

«Կարգ մը մարզերու մէջ մենք յաջողութիւն արձանագրեցինք, իսկ այլ մակարդակներու վրայ մենք ձախողեցանք, սակայն մենք կը շարունակենք գործակցիլ առանց անսալու այլոց արշաւներուն: Մենք այս կամ այն թղթածրարին քննարկումէն չենք խուսափիր, որովհետեւ կը հաւատանք, որ իշխանութիւնը շարունակականութիւն է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով առողջ սնունդի ապահովումին, պետական նշանակումներուն եւ ելեկտրական հոսանքի հարցին` Միքաթի նշեց, որ այդ առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրած է լիագումար նիստի մը, եւ նախարարներէն խնդրեց ամբողջական թղթածրարներով ուղղուիլ խորհրդարան` պատասխանել կարենալու համար իրենց ուղղուելիք լուսաբանական հարցումներուն:

Վարչապետ Միքաթի լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքի զաւակները շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է համացանցի բաժանորդագրութեան սակի նուազեցումը, ինչպէս նաեւ կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:00 համացանցի դրութիւնը դարձուցած է ձրի:

Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ հատուցումներու եւ նիւթական օժանդակութիւններու վերաբերող օրէնքը բարեփոխելու առումով Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին պահանջը:

Նշենք, որ կառավարութիւնը մերժեց վաւերացնել ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ներկայացուցած 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրը, որուն նպատակն էր օժանդակել Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ յետաձգեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի կողմէ ներկայացուած 4900 միլիառ լ. ոսկի արժողութեամբ գումար մը պահանջելու թղթածրարին քննարկումը, ինչպէս նաեւ վաւերացուց Մեթն-Մանսուրիէ ելեկտրական բարձր լարման կապի հաստատումը:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 20 ապրիլին` վարչապետարանին մէջ:

Նշենք, որ նախքան նիստին սկսիլը, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ նշանակել Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահը:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement