Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Քաղաքական, Կրթական, Ընկերային Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Վերաբերող Հարցեր
By adminx - Wed Apr 04, 6:45 am
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց շարք մը օրինագիծեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Արաբական համալսարաններու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան համաշխարհայնացումի եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ տագնապները դիմագրաւելու շրջագիծին մէջ կրթութեան եւ ուսման անհրաժեշտութիւնը:
Երկրին կրթական հարցերուն ու համակարգին մասին նախագահ Սլէյման խորհրդակցութիւններ ու քննարկումներ կատարեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնի հետ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:






