Saturday May 25, 2013

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

By adminx - Wed Apr 04, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այսօր բազմազբաղ պիտի ըլլաք, բայց պէտք չկայ իրար անցնելու, կրնաք դասաւորել ձեր ծրագիրը եւ յաջողութեամբ աւարտել օրը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանիքին անդամներուն հետ պիտի ունենաք պտոյտի մը կամ հաճելի ժամանցի հաւաքոյթ մը: Օրը պիտի անցնի զուարթ, անհոգ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք շուտով որդեգրել նոր առաջարկ մը, որով պիտի ունենաք արդիւնաւէտ գործողութիւն: Օրը ունի այլ հաճելի պահեր:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այնպէս մը ըրէք, որ ընտանեկան կապը հաստատ մնայ: Ձեր առաջարկը աշխատանքային հարցով պիտի ընդունուի ձեր շուրջիններուն կողմէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տնտեսական աճի իմաստով կրնաք քիչ մը դժուարութիւն ունենալ, բայց մտահոգիչ ոչինչ ունիք: Ջանացէք մնալ հանդարտ, եւ հարցերը կը լուծուին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վճռորոշ պահու մը պիտի արտայայտէք ճկուն կեցուածք, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ հարցի մը դիւրին կարգադրութեան:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր որոշած ծրագիրը պիտի աւարտէք յաջողութեամբ` առանց դժուարութեան: Օրը ունի յաջող ընթացք եւ գոհունակութեան պահեր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր բարեկամները կամ ձեզի մօտիկ անձեր պիտի այցելեն ձեզի` ուրախ մթնոլորտ ստեղծելով ձեր շուրջը: Ձեր խանդավառութիւնը պիտի փոխանցուի ձեր շուրջիններուն: Միշտ ուրախ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքային նորութիւն մը պիտի ունենաք, ձեզի կը մնայ օգտուիլ այս առիթէն, որ ունի հետաքրքրական օգտակարութիւն` ձեր ասպարէզին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր նախազգացումը եւ ձեր ներքին ձայնը բնաւ ձեզ չեն խաբեր: Հետեւեցէք անոնց, որպէսզի ձեր օրը ըլլայ արդիւնաւէտ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ լուր մը պիտի փարատէ ձեր տնտեսական հոգերը: Օրը ունի հաճելի հանդիպում մը` նոր դէմքի մը հետ: Բարեկամութիւնը օգտակար է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքի պահուն հաւանաբար հանդիպիք կնոջ մը կամ այր մարդու մը, որ օգտակար պիտի ըլլայ ձեր մէկ ծրագրին իրագործման:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement