Փարակուանաթ Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի Եւ Վարչապետ Միքաթիի
By adminx - Tue Apr 03, 7:02 am
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ, դատաւոր Տէյվիտ Փարակուանաթ երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որուն ներկայացուց ատեանին աշխատանքները, անոր շրջանցած հանգրուաններն ու արձակած նախնական ամբաստանութիւնները:
Վարչապետարանին մէջ Փարակուանաթ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Քննարկուեցան Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները:
Միւս կողմէ, դատաւոր Փարակուանաթ «Սաժես» համալսարանին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր պարտականութիւնն էր վարչապետ Միքաթիին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին ներկայացնել տեղեկագիր մը` Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն մասին:
Փարակուանաթ նկատել տուաւ, որ լիբանանցիներուն կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ ամբաստանեալները կրնան ի բացակայութեան դատավարութեան ենթարկուիլ, միջազգային օրէնքին մաս չի կազմեր:






