Friday May 24, 2013

Ազրպէյճան Օտարերկրեայ Յատուկ Ծառայութիւններու Օգնութեան Կարիք Չունի՞

By adminx - Tue Apr 03, 6:41 am

Ալի Հասանով

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքու անհիմն կը նկատէ օտարերկրեայ որոշ լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրերը, թէ երկրին մէջ «Եւրոտեսիլ-2012» երգի մրցանքին անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը` Մոսատը:

Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժանմունքի պետ Ալի Հասանով «Թրենտ»-ին յայտնած է, որ «Ազրպէյճան օտարերկրեայ, ներառեալ` Իսրայէլի յատուկ ծառայութիւններու օգնութեան կարիքը չունի: «Եւրոտեսիլ-2012»-ի ժամանակ անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորեն Ազրպէյճան յատուկ ծառայութիւններն ու իրաւապահ մարմինները»:

Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան այդ մէկը կատարելու համար բոլոր կարելիութիւնները ունի:

Ըստ անոր, Մոսատ Ազրպէյճանի մէջ ոչ մէկ գաղտնի կամ յատուկ խումբ ունի:

«Ազրպէյճանի կապերն ու յարաբերութիւնները թափանցիկ են այն բոլոր երկիրներուն հետ, որոնց հետ կը համագործակցի, եւ ուղղուած չեն ու պիտի չըլլան որեւէ երկրի դէմ, առաւել եւս` Իրանի», ըսած է Հասանով:

«Եւրոտեսիլ-2012» մրցանքի կիսաւարտականը տեղի պիտի ունենայ 22 եւ 24 մայիսին, իսկ աւարտականը` 26 մայիսին:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement