Saturday May 18, 2013

Ըստ Հարցախոյզի Մը Ամր Մուսա Եգիպտոսի Նախագահ Ընտրուելու Մեծագոյն Հաւանականութիւնը Ունեցող Թեկնածուն Է

By adminx - Tue Apr 03, 6:39 am

Ամր Մուսա

Եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին երէկուան թիւով հրապարակուած` Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն շուրջ հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա մեծ առաւելութեամբ կը գերազանցէ իր անմիջական մրցակից իսլամ քարոզիչ, փաստաբան Հազեմ Սալապ Ապու Իսմայիլը:

Քաղաքական եւ ռազմավարական ուսումնասիրութեանց «Ահրամ» կեդրոնին կատարած հարցախոյզին համաձայն, Ամր Մուսա կը վայելէ հարցախոյզին մասնակիցներուն 31.5 առ հարիւրին զօրակցութիւնը, Ապու Իսմայիլ` 22.7 առ հարիւրին, Ահմետ Շաֆիք` 10.2 առ հարիւրին, Օմար Սլէյման` 9.3 առ հարիւրին, Իսլամ եղբայրներու առաջնորդական գրասենեակի նախկին անդամ Ապտել Մընհեմ Ապուլ Ֆութուհ` 8.3 առ հարիւրին, իսկ նասերական Համտին Սուպահի` 4.9 առ հարիւրին:

Իսմայիլի թեկնածութիւնը վերջերս մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր, մասնաւորաբար անոր ի նպաստ լայնածաւալ ընտրական քարոզչութեան պատճառով: Հաղորդուեցաւ, որ անոր մահացած մայրը ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունէր, ինչ որ, ըստ օրէնքի, կը նշանակէ, թէ անոր թեկնածութիւնը կարելի չէ արձանագրել:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement