Թուրք Դատախազը Բողոքարկած Է Տինքի Սպանութեան Գործով Դատավճիռը
By adminx - Sat Mar 31, 6:56 am
Դատախազ Հիքմեթ Ուսթա Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով բողոքարկած է դատարանի վճիռը: Երեսուն էջնոց բողոքարկման դիմումին մէջ ան պնդած է, որ Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ Տրապիզոնի մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարներ են:
Էօկիւն Սամասթ, որ յանցագործութիւնը գործելու պահուն անչափահաս եղած է, այդ խմբաւորման անդամներէն է, իսկ Տինքը սպաննելու ցուցմունքը ստացած է խմբաւորման ղեկավարներէն:
Դատախազը նշած է, որ դատարանը բաւարար ուշադրութիւն չէ դարձուցած «Էրկենեքոն» խմբաւորման հետ կապ ունենալու հարցին եւ նկատի չէ ունեցած մարդիկ, որոնք նոյնպէս պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուէին:
Դատախազը շեշտած է, որ Տինքի սպանութեան գործին մէջ իբրեւ կասկածելիներ պէտք է ներառուէին նաեւ Էրսին Եոլճուն, Ահմեթ Իսքենտեր, Մուսթաֆա Էօզթիւրք, Զոյնալ Ապիտին Եաւուզ եւ Թոյճան Ուզունտալ` իբրեւ նոյն խմբաւորման անդամներ, որոնք սպանութեան հարցին մէջ խմբաւորման օգնած են:
Կասկածելիները համագործակցած են Էրկենեքոն ահաբեկչական խմբաւորման հետ, եւ Էրկենեքոնն ու Տրապիզոնի «բջիջային կառոյցի» բաղադրիչ մասերը կարծես նոյնն են:
Ուսթա ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան վրայ: Մինչեւ Տինքի սպանութիւնը, ոստիկանութիւնը տեղեկութիւններ ունեցած է խմբաւորման մասին, սակայն ո՛չ իրաւական, ո՛չ ալ ֆիզիքական որեւէ հետապնդում կատարած է:






