Սպանիոյ Մէջ Ընդհանուր Գործադուլ
By adminx - Sat Mar 31, 6:40 am
Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ իր առաջին մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ, մինչ սպանական աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները երէկ տնտեսական սեղմումի յաւելեալ քայլերուն դէմ իբրեւ բողոք ընդհանուր գործադուլ մը կատարեցին:
Օրուան սկիզբը լարուածութիւնը բարձրացաւ, երբ երկրին մեծագոյն աշխատաւորական համադաշնակցութիւններէն աշխատաւորներ Մատրիտի մէջ բախում ունեցան ոստիկանութեան հետ:
Բողոքի ալիք մը յառաջացած է այսօր կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք աշխատանքի մարզի բարեփոխումներուն նկատմամբ, որոնք, ըստ ցուցարարներուն, մարդիկ աշխատանքէ արձակելը պիտի դիւրացնէ: Բայց եւ այնպէս, կառավարութիւնը խոստացած է իր ծրագիրի գործադրման մէջ յառաջ ընթանալ` յայտնելով, որ աշխատանքի մարզի բարեփոխումները անգործութեան համեմատութիւնը պիտի նուազեցնեն:
Ըստ Սպանիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզներուն, իշխող Ժողովուրդի կուսակցութիւնը կրնայ ճիշդ ըլլալ: Աշխատաւորներուն միայն 30 առ հարիւրը պիտի միանայ գործադուլին, որմէ ամէնէն շատ պիտի ազդուի փոխադրամիջոցներու մարզը:





