ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՌՈՍՍԻ ՎԵՐՍՏԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱԼԵՐՄՈՅԻ ՄԱՐԶԻՉ. ՓԱՐՄԱ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ՄԱՐԻՆՈՆ
By adminx - Tue Apr 05, 6:14 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ, Փալերմօ վերստին մարզիչ նշանակեց Տելիօ Ռոսսին` պաշտօնանկ ընելէ ետք Սերսէ Քոզմին, որ կորսնցուց իր պաշտօնը, երբ նախանցեալ օր խումբը 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Քաթանիայէն:
Քալչիոյի այլ կազմ մը` Փարմա, իր կարգին երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Փասքուալ Մարինոն, Պարիէն կրած պարտութենէն ետք (2-1): Մարինոյին յաջորդը ցարդ չնշանակուեցաւ:
Նշենք, որ Ռոսսի անցեալ 28 փետրուարին ակումբի նախագահ Մաուրիցիօ Զամփարինիի կողմէ պաշտօնանկ եղաւ, երբ Փալերմօ 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Ուտինեզէէն:
Ըստ Քալչիոյի օրէնքներուն, մարզիչներուն արտօնուած չէ նոյն տարեշրջանին ընթացքին երկու տարբեր ակումբներու մարզիչը ըլլալ: Սակայն նկատի ունենալով, որ Ռոսսի պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր Փալերմոյի հետ, վերստին ստանձնեց իր պաշտօնը:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print




