Պաղըշ Մինսքի Խմբակի Գործունէութենէն Կը Դժգոհի
By adminx - Tue Mar 27, 6:57 am
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ կը մասնակցի Պրիւքսէլի մէջ Գերմանիոյ «Մարշըլ» հիմնադրամին կազմակերպած «Պրիւքսէլեան խորհրդաժողով» խորագիրով հաւաքին, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, խօսած է ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մասին` շեշտելով, որ առայժմ Մինսքի խմբակը չի կրնար յառաջընթաց արձանագրել:
Պաղըշ Հայաստանի մասին յայտարարութիւններ կատարելով կրկնած է 20 առ հարիւր բռնագրաւուած տարածքներու, Արցախէն հայկական ուժերու հեռացման թեզերը: Ան դարձեալ անդրադարձած է Եւրոտեսիլի նիւթին` յայտնելով, որ «Եւրոտեսիլէն հրաժարելու փոխարէն եթէ Հայաստանը Ղարաբաղէն հրաժարի, այդ հարցն ալ ինքնաբերաբար կը լուծուի»:





