Պըրրի Սաֆատիի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Հարցեր
By adminx - Tue Mar 27, 6:41 am
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որուն ընկերակցեցաւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Մոսկուա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ` ներկայութեամբ, Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:






