Friday May 24, 2013

Վրաստանի Վարչապետը Միօրեայ Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Պէյրութ

By adminx - Fri Mar 23, 7:57 am

Նախագահ Սլէյման եւ Վրաստանի վարչապետը

Վրաստանի վարչապետ Նիքոլոզ Կիլաուրի, որ միօրեայ այցելութեամբ մը նախանցեալ օր ժամանած էր Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Կիլաուրին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Վրաստանի դեսպան Զուրապ Արիսթաւիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական եւ ներդրումներու մարզերուն մէջ:

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին, Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կիլաուրին եւ անոր ընկերակցող նախարարական պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-վրացական յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:

Կիլաուրի Պըրրիի յանձնեց Վրաստան այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը եւ շեշտեց, որ Վրաստան յանձնառու է երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան, յատկապէս առեւտրական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ այցեգիր տրամադրելու դրութիւնը դիւրացնելու առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխադարձ զբօսաշրջութիւնը նաեւ աշխուժացնել:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ պաշտօնական ընդունելութեամբ մը դիմաւորեց վրացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով զանոնք բարելաւելու եւ ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց, որ անհրաժեշտ է աշխատանքը շարունակել, որպէսզի Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին եւ շրջանին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը աւելի եւս աշխուժանայ:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է Վրաստան այցելութեան առումով այցեգիրի տուչութիւնը դիւրանայ, որպէսզի աւելի մեծ թիւով լիբանանցի գործատէրեր կարենան ուղղուիլ Վրաստան եւ որոնեն աշխատանքի նոր դաշտեր:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement