Tuesday Jun 18, 2013

«Ազատութիւն, Արդարութիւն, Դաշնակցութիւն» Կարգախօսին Ներքեւ ՀՅԴ Հրապարակեց Իր Համամասնական Եւ Մեծամասնական Ցուցակները

By adminx - Thu Mar 22, 7:55 am

Արտաշէս Շահբազեան, Վահան Յովհաննիսեան եւ Արմէն Ռուստամեան (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց 6 մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ համամասնական ցուցակը` նշելով, որ ցուցակի կազմութեան հոլովոյթը բաւական երկար տեւած է, ինչ որ կը բացատրուի սկզբունքներու ճշգրտումով եւ մարտավարական հաշուարկներով:

Ըստ անոր, ցանկը ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ կիրառական նշանակութիւն ունի եւ պէտք է մրցունակ ըլլայ ու յաղթէ:

ՀՅԴ համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:

Ցուցակին երկրորդ եւ յաջորդ տեղերը բաշխուած են հետեւեալ հերթականութեամբ`

2) Արմէն Ռուստամեան
3) Արտաշէս Շահբազեան
4) Աղուան Վարդանեան
5) Արծուիկ Մինասեան
6) Կարինէ Յարութիւնեան
7) Արմէն Բաբայեան
8) Արամայիս Գրիգորեան
9) Միքայէլ Մանուկեան
10) Կարէն Շահմուրատեան
11) Ռուզաննա Առաքելեան
12) Արա Նռանեան
13) Արսէն Համբարձումեան
14) Գագիկ Գէորգեան
15) Վահրամ Թամազեան
16) Նունէ Պետրոսեան
17) Մարտուն Մաթեւոսեան
18) Իշխան Սաղաթելեան
19) Վարդան Ալեքսանեան
20) Լիլիթ Գալստեան
21) Դաւիթ Երիցեան
22) Նուարդ Մանասեան
23) Յովսէփ Միրզախանեան
24) Մանուէլ Հայրապետեան
25) Ռոմիկ Մանուկեան
26) Արտաշէս Նիկոյեան
27) Նարինէ Գալստեան
28) Արտաշ Յունանեան
29) Սուրէն Մանուկեան
30) Նելլի Բաղդասարեան
31) Կարլեն Գէորգեան
32) Յակոբ Մաթիլեան
33) Արման Եղիազարեան
34) Նայիրա Ղազարեան
35) Արթուր Ղազարեան
36) Յարութիւն Մելիքեան
37) Արմենուհի Կիւրեղեան
38) Արծրունի Իգիթեան
39) Արմէն Շահվերդեան
40) Գէորգ Մարգարեան
41) Նունէ Վարդանեան
42) Գարեգին Սարգսեան
43) Նայիրա Մկրտչեան
44) Վարդան Դաւէեան
45) Մովսէս Մանուկեան
46) Գայեանէ Նեսիսեան
47) Բենիկ Համբարձումեան
48) Ալպերթ Սարգսեան
49) Մարինէ Սարգսեան
50) Արտակ Վարդանեան
51) Վարազդատ Նաւոյեան
52) Մարկարիթա Խոստեղեան
53) Սպարտակ Ասոյեան
54) Գնել Սարգսեան
55) Յասմիկ Զաքարեան
56) Ենոք Աբրահամեան
57) Յովսէփ Սիմոնեան
58) Էսմա Զարգարեան
59) Ռազմիկ Մխիթարեան
60) Անահիտ Պետրոսեան
61) Անդրանիկ Ղազարեան
62) Մուրատ Գրիգորեան
63) Ամալիա Ալեքսանեան
64) Կարօ Նասիպեան
65) Արամ Նազարեան
66) Յովհաննէս Թադեւոսեան
67) Գուիդոն Մատինեան
68) Անահիտ Յարութիւնեան
69) Արամ Բաբայեան
70) Իդա Յակոբեան
71) Արշաւիր Գասպարեան
72) Սոնա Փիրուզեան
73) Գուրգէն Վարդանեան
74) Եւա Սողոյեան
75) Վաչական Յովհաննիսեան
76) Մկրտիչ Դանիէլեան
77) Նայիրա Ալոյեան
78) Գառնիկ Նալբանդեան
79) Ռոմիկ Աւանէսեան
80) Նեկտար Յովհաննիսեան
81) Ռոմիկ Համբարձումեան
82) Մայրանուշ Պարսումեան
83) Էդուարդ Ասլանեան
84) Սուսաննա Պօղոսեան
85) Լեւոն Գաբրիէլեան

ՀՅԴ ընտրական կարգախօսն է. «Ազատութիւն, արդարութիւն, Դաշնակցութիւն»:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուց մեծամասնական ընտրակարգով ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածութիւնները: Ան յայտնեց, որ հանրապետութեան 8 ընտրատարածքներուն մէջ

Դաշնակցութիւնը առաջադրումներ պիտի կատարէ նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով:

Ան նշեց, որ 8 ընտրատարածքներուն համար Դաշնակցութիւնը առաջադրած է Արթուր Եղիազարեանի, Կարլեն Գէորգեանի, Գուրգէն Շահինեանի, Մանուէլ Հայրապետեանի, Արայիկ Գրիգորեանի, Արտաշէս Նիկոյեանի, Զոհրապ Թորոսեանի եւ Գագիկ Գէորգեանի թեկնածութիւնները:

Ա. Ռուստամեան նշեց, որ առաջադրումներու ժամկէտը տակաւին չէ աւարտած եւ կարելի են որոշակի փոփոխութիւններ:

«Մենք այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք շատ յստակ քաղաքական նպատակներ իրականացնելու տրամաբանութեամբ, որուն մասին բազմիցս յայտարարած ենք: Դաշնակցութիւնը մէկ նպատակ կը հետապնդէ` հասնիլ երկրին մէջ ամբողջական իշխանափոխութեան, որ կը նշանակէ թէ՛ գործող իշխանութեան փոփոխութիւն, թէ՛ համակարգային փոփոխութիւններ», նշեց Արմէն Ռուստամեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան իր կարգին պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ պատգամաւորութեան թեկնածու չէ առաջադրուած նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով, յատկապէս որ ան արդէն  յաջող փորձառութիւն ունի այս առումով:

Յովհաննիսեան խոստովանեցաւ, որ թէ՛ Արմէն Ռուստամեանի, թէ՛ իր պարագային այսպիսի խօսակցութիւն եղած է, բայց վերջաւորութեան յանգած են այն եզրակացութեան, որ անոնք, որոնք ցուցակը գլխաւորող եռեակին մէջ են, այդ ամբողջ ցուցակը  առջեւ տանելու խնդիր ունին:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ ՀՅԴ ցուցակը որքանո՞վ մրցունակ է եւ քանի տոկոս ձայն կը յաւակնի ստանալ Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին,

ան նշեց, որ ընտրողը կ՛որոշէ, թէ Դաշնակցութիւնը քանի տոկոս պիտի ստանայ, եւ ընտրողը արդէն հասկցած է, որ ո՛չ մուկը բռնելու գործիքին մէջ դրուած պանիրի թարմութեան եւ ո՛չ ալ տարիներ շարունակ լսած խոստումներուն եւ սուտերուն կարելի է հաւատալ: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Դաշնակցութիւնը շատ լուրջ ակնկալիքներ ունի եւ յաղթանակի հասնելու տրամադրութիւնը ամբողջութեամբ հիմնաւորուած է:

Խօսելով մրցունակութեան մասին` ՀՅԴ պատասխանատու ընկերը առաջարկեց գնահատել կուսակցութեան ներկայիս խմբակցութիւնը, որ, ըստ անոր, Ազգային ժողովին մէջ ամէնէն աշխուժ, ամէնէն իրապաշտական եւ ամէնէն տրամաբանական ու ճիշդ օրէնքները ներկայացնող խմբակցութիւնն է:

«Ես վստահ եմ, որ յաջորդ խմբակցութիւնն ալ աւելի ազդու պիտի ըլլայ, որովհետեւ ցուցակին մէջ արդէն իսկ մրցակցութիւնը ապահովուած է: Աւելի՛ն. համոզուած եմ, որ ամէնէն յաջող եւ ամէնէն մրցունակ ցանկը մերն է եւ պատգամաւոր դառնալու ամէնէն արժանի մարդիկը մեր ցանկին վրայ կը գտնուին», նշեց կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարը` աւելցնելով, որ եթէ ցանկը շրջենք եւ վերջին թիւէն սկսինք, արժանիքներուն առումով որեւէ բան չի փոխուիր:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement