Saturday May 25, 2013

«Կողմերը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Աւելի Մօտ Են, Քան Իրենք Կը Կարծեն» Կ՛Ըսէ Պրատքէ

By adminx - Thu Mar 22, 7:51 am

Ռոպըրթ Պրատքէ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի եւրոպական ծառայութեան հետ ԵԱՀԿ-ի 20-ամեակին առիթով տրուած հարցազրոյցին ընթացքին ամփոփած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը` ըսելով, որ կողմերը տագնապի լուծման աւելի մօտ են, քան իրենք կը կարծեն:

«Ես կը կարծեմ, որ Մինսքի խմբակը այս ընթացքին կարեւոր բաներ ըրած է: Նախ անիկա նպաստած է կայունութեան հաստատման եւ լարուածութեան թուլացման: Նոր պատերազմի յառաջացումը կանխարգիլելու օգնած ենք, եւ եթէ նոյնիսկ 1994-էն ետք այս ընթացքին հրադադարի խախտումներ տեղի կ՛ունենան, օգնած ենք, որ ատիկա աւելի լուրջ բանի մը չվերածուի: Կողմերը կարելիութիւն չունին իրարու հետ ուղիղ հաղորդակցելու, ուստի երբ մենք շրջան կը մեկնինք, անոնց հետ կը հանդիպինք եւ օրինակ կը փորձենք օգնել, որ կողմերը զիրար աւելի լաւ հասկնան», ըսած է ան:

Պրատքէ նաեւ կարեւոր նկատած է այն, որ անցնող տարիներուն ընթացքին բանակցութիւններու համար ընդհանուր հիմքեր գտնուած են, մշակուած են հիմնարար սկզբունքները` Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձ Պաքուին, տեղահանուած մարդոց վերադարձ, Լեռնային Ղարաբաղի համար միջանկեալ կարգավիճակ` անվտանգութեան եւ ինքնակառավարում ունենալու երաշխիքներով, եւ միջանցք, որ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի կապէ Հայաստանին, եւ հետագային Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակի տրամադրում:

«Մենք տակաւին յաջողութեան չենք հասած», ըսած է ան` կարեւոր նկատելով Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին Սոչիի մէջ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն կատարած յայտարարութիւնը:

Այն հարցումին, թէ կարելի՞ է ըսել, թէ այս պահուս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը աւելի մօտ է, քան 20 տարի առաջ, Պրատքէ պատասխանած է. «Անշուշտ մենք այսօր աւելի մօտ ենք, քան 20 տարի առաջ: Կողմերը հասկցած են, թէ վերջնական լուծումը ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ: Այդ տարրերը ներառուած են Լ՛Աքուիլայի, Մոսկուայի եւ անցեալ տարի Տովիլի ժողովներուն մէջ: Այդ տարրերը հիմա աւելի յստակ են, քան երբեւիցէ եղած են»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ որոշ փորձագէտներ կը կարծեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուղիի մէջ է, եւ Մինսքի խմբակը նոր մօտեցումներու կարիքը ունի, Պրատքէ պատասխանած է, որ խնդիրը այն է, որ ասիկա շատ դժուար հարց է: «Կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները շատ մեծ են եւ վստահութեան պակաս կայ: Այս խնդիրները տակաւին պիտի շարունակուէին: Եւ ասիկա կողմերուն համար ընդունելի ձեւաչափ է», ընդգծած է ան:

Անդրադառնալով Քազանի հանդիպումին` ամերիկացի համանախագահը նշած է, որ իրենք Քազանի հանդիպումէն ակնկալիքներ ունէին եւ կը կարծէին, որ յառաջընթաց պիտի ըլլայ, սակայն ոչինչ եղաւ: «Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ կորսուած է: Չի նշանակեր, որ մենք չունեցանք կէտեր, որոնց շուրջ կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին: Ես չեմ ուզեր շատ մանրամասնութիւններ յայտնել, որովհետեւ շատ զգայուն բանակցութիւններ են, սակայն մենք հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան եկած ենք եւ ատիկա շատ լուրջ մարտահրաւէր է», ըսած է ան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Սոչիի հանդիպումին ընթացքին Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը համաձայնութիւն գոյացուցին ԵԱՀԿ-ի հետ միասնաբար քննարկելու շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտման դէպքերը ուսումնասիրելու հարցը, Պրատքէ պատասխանած է. «Ատիկա իրականութեան մէջ անցեալ տարուընէ քննարկուած էր: Մենք կողմերուն ներկայացուցած ենք քանի մը գաղափարներ` ատիկա կեանքի կոչելու համար: Հանրային շփումներու մասին: Ես կը կարծեմ, որ անոնք ալ կարեւոր են: Երբ ետ կը նայինք անցեալ 20 տարիներուն, կը տեսնենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ նոր սերունդը չունի անձնական շփում, ինչ որ կրնար օգնել զիրար աւելի լաւ հասկնալու հարցին: Սակայն ատիկա պիտի չգործէ, եթէ կողմերը քաղաքական նպատակներ ունենան եւ քաղաքականացուած ըլլան: Պէտք է մարդոց համախմբել` ընդհանուր խնդիրները քննարկելու համար»:

Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը դարձեալ կրկնած է, որ սթաթիւս քոն անընդունելի է եւ պէտք է խնդիրի լուծում գտնել:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement