Tuesday May 21, 2013

Քլինթըն Պէտք Է Հրաժարի` Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նախատական Յայտարարութիւններ Ընելուն Համար

By adminx - Mon Mar 19, 6:42 am

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Տակաւին քանի՞ անգամ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն պիտի կարենայ դրժել իր խոստումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վիրաւորական յայտարարութիւններ ընել, նախքան զինք ստախօս անուանելն ու հրաժարական տալ ստիպելը:

Ամերիկահայութիւնը յագեցած է Քլինթընով եւ անոր ղեկավար Պարաք Օպամայով, որ նոյնպէս չկատարեց Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած իր խոստումները: Դժբախտաբար, Հայոց ցեղասպանութիւնը միակ խնդիրը չէ: Օպամայի վարչակազմը հիասթափեցուց ամերիկահայ համայնքը` բազմաթիւ հարցերու կապակցութեամբ, ինչպէս օրինակ` կրճատելով Հայաստանի տրամադրուող արտաքին օժանդակութիւնը, չսատարելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ճնշում  բանեցնելով Հայաստանի վրայ, որպէսզի Թուրքիոյ հետ ստորագրէ իր ազգային շահերուն վնասող պայմանագիր մը:

Այս յօդուածով կը կեդրոնանանք արտաքին գործոց նախարար Քլինթընի վրայ եւ կ՛արձանագրենք մեր դժգոհութիւնը` նախագահ Օպամայի քաղաքականութեան կապակցութեամբ, նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններու լոյսին տակ:

Քլինթըն, երբ տակաւին Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական էր, սատարած է բանաձեւի մը, որով կոչ կ՛ընէր` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2006 եւ 2008 թուականներուն, միանալով այդ ժամանակ ծերակուտական Օպամային` ան նամակներ ուղարկեց նախագահ Ճորճ Պուշին` նկարագրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս «համակարգուած ու կանխամտածուած ցեղասպանութեան արշաւ` իրագործուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, 1915-ին: Ցեղասպանութեան զոհերը արժանի են մեր յիշատակութեան, որպէսզի գրաւեն իրենց պատշաճ տեղը պատմութեան էջերուն մէջ»:

2008-ի յունուար 24-ին, որպէս նախագահի պաշտօնի թեկնածու` Քլինթըն գրաւոր կերպով յայտարարած էր, թէ «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն նկատմամբ իրագործուած ահռելի իրադարձութիւնները կը բնութագրուին որպէս ցեղասպանութեան բացայայտ դէպք® Մեր հասարակութեան բարոյականութիւնը եւ մեր ազգին վարկը` որպէս մարդու իրաւունքներու ջատագով, մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը դնեն մեզ, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի եւ յիշատակուի Քոնկրեսին եւ նախագահին կողմէ»:

Արտաքին գործոց նախարար դառնալէ ետք, Հ. Քլինթըն, հաւանաբար, կը տառապի յիշողութեան կորուստէ: 2012-ի յունուար 26-ին, արտաքին գործոց  նախարարութեան «Թաուն Հոլ»-ի հանդիպման ընթացքին, ան փոխարինեց «Ցեղասպանութեան բացայայտ դէպք» նախկին իր բնութագրումը` «պատմական բանավէճի նիւթ» բնութագրումով: Մինչ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստերը կը մնան անփոփոխ, միակ փոփոխութիւնը` Քլինթընի ճշմարտութիւնը ըսելու բարոյական կարողութեան մէջ է:

Քլինթընի բարոյական խախտած յատկանիշները զայրացուցին ամերիկահայ համայնքը: Ամերիկայի հայկական համագումարին անդամները նամակ յղեցին նախագահ Օպամային եւ արտայայտեցին իրենց բողոքը` Քլինթընի «անհիմն» յայտարարութեանց վերաբերեալ, իսկ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը պահանջեց նախարարէն հրաժարիլ իր խոր վիրաւորական դիրքորոշումէն` թութակի պէս կրկնելէ Թուրքիոյ վերաքննական տեսակէտը` Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան վերաբերեալ:

Փետրուար 28-ին, Քոնկրեսի աւելի քան 60 անդամ` Դեմոկրատ եւ Հանրապետական կուսակցութիւններէն, համատեղ նամակ մը յղեցին Քլինթընին` յայտնելով իրենց «խոր մտահոգութիւնը» յունուար 26-ին անոր ըրած յայտարարութեան կապակցութեամբ, որով ան «խեղաթիւրած էր» Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնք կոչ ուղղեցին նախարարին` հերքելու իր «լաւ չմտածուած յայտարարութիւնը» եւ վերահաստատելու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր նախկին յանձնառութիւնը:

Փետրուար 29-ին, Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆ հակադարձեց Քլինթընին, Ներկայացուցիչներու տան Արտերկրի յատկացումներու ենթակոմիտէին առջեւ անոր ելոյթին ընթացքին: Յիշեցնելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախապէս անոր ըրած ճշմարտացի յայտարարութիւնները` քոնկրեսականը ուղիղ հարց տուաւ. «Ունի՞ք որեւէ խնդիր այն հարցին կապակցութեամբ, որ 1915-էն 1923-ի միջեւ ինկած ողբերգական ժամանակաշրջանին փաստերը ցեղասպանութիւն են: Ներկայիս ձեր դիրքորոշումը կը տարբերի՞ ծերակուտական եղած ժամանակ ձեր ունեցած տեսակէտէն»: Երբ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն տուաւ խուսափողական ու թոյլ պատասխաններ, քոնկրեսական Շիֆ սաստեց զայն` ըսելով. «Ցաւ ի սիրտ, ասիկա աւելի շատ թրքական կառավարութեան բնորոշ ուղեգիծն է»:

Հայկական համագումարի եւ Հայ դատի նամակներուն ուղղած մարտ 1-ի իր պատասխանով, արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս մեղմասացութիւն օգտագործեց` «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրէն խուսափելու համար, եւ կոչ ըրաւ Հայաստանին եւ Թուրքիոյ` «միասին աշխատելու` ընդհանուր պատմութեան հարցերը լուծելու համար»: Այս մէկը նոյնքա՛ն դատապարտելի է, որքան է` «Հոլոքոսթ» եզրի օգտագործումէն խուսափիլն ու հրեաներուն կոչ ընելը` որ անոնք լուծեն իրենց տարաձայնութիւնները նէօ-նացիներուն (մերօրեայ ցեղապաշտները) հետ:

Քլինթըն, Հայկական համագումարին եւ Հայ դատին ուղղած մարտ 1-ի իր պատասխան-նամակին մէջ նաեւ գրած է, թէ 2010-ին Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին ան այցելած է «Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր»-ը, որպէս «յարգանքի նշան` այս ողբերգութեան ընթացքին նահատակուած զոհերու յիշատակին»: Այս մէկ նախադասութեան մէջ կան երկու խեղաթիւրումներ: Քլինթըն կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան` որպէս «ողբերգութիւն», եւ կը խուսափի «Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան»-ը իր իսկակա՛ն անունով անուանելէ: Աւելի՛ն, նախարարը իրեն հետ ճամբորդած միջազգային լրատուամիջոցները չհրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր իր «թաքուն» այցելութիւնը լուսաբանելու` չուզելով վիրաւորել թուրք ժխտողականներուն «նուրբ զգացումները»: Ու աւելի նսեմացնելու համար իր այդ այցելութիւնը, Երեւանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը անխոհեմ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց` նկարագրելով Քլինթընի կողմէ «յուշահամալիր» կատարուած կարճատեւ այցելութիւնը որպէս` «անձնական», այլ ոչ թէ պաշտօնական այցելութիւն:

Եթէ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն նմանատիպ վիրաւորական մեկնաբանութիւններ կատարէր Ողջակիզումին (Հոլոքոսթ) մասին, ապա ան նոյն օրն իսկ ազատ կացուցուած կ՛ըլլար իր աշխատանքէն: Ամերիկահայերուն պահանջը պէտք է ոչ պակաս ըլլայ: Բարեբախտաբար, Քլինթըն յայտարարած է, որ պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն այս տարուան վերջաւորութեան: Մենք անոր կը մաղթենք բարի՛ ճանապարհ եւ լա՛ւ ձերբազատում:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement