Friday May 24, 2013

«ՀՅԴ Համամասնական Ցուցակին Մէջ Նոր Դէմքեր Պիտի Ըլլան» Կ՛Ըսէ Սպարտակ Սէյրանեան

By adminx - Sat Mar 17, 7:56 am

Սպարտակ Սէյրանեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր եւ շարք մը այլ հարցերու կողքին անոր ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ 6 մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու առնչուող հարցեր, որոնց շարքին` կուսակցութեան համամասնական ցուցակի եւ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրումներու հարցը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան յայտնեց, որ մինչեւ այսօր տեղի ունեցած նիստերուն ընթացքին Գերագոյն մարմինը քննարկած է համամասնական ցուցակի ձեւաւորման սկզբունքներուն առնչուող խնդիրները, բայց անհատներու խնդիրը տակաւին չէ քննարկած:

Ըստ Սպարտակ Սէյրանեանի, խօսքը տուեալ պարագային կը վերաբերի առաւելաբար ՀՅԴ-ի համամասնական ցուցակին, քանի որ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրումներուն համար տակաւին ժամանակ կայ, թէեւ ատիկա ալ այսօր որոշակիօրէն արդէն ուրուագծուած պիտի ըլլայ:

Անդրադառնալով հայրենի «Առաւօտ» օրաթերթի այն դիտարկման, որ այլ իշխանական եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն մէջ բուռն քննարկումներ տեղի կ՛ունենան համամասնական ցուցակի տեղերուն համար, Սպարտակ Սէյրանեան նշեց, որ եթէ Դաշնակցութիւնը համաձայնած է ցուցակի ձեւաւորման սկզբունքներուն շուրջ` մնացեալը երկրորդական կը դառնայ: Ան չմանրամասնեց, թէ ի՛նչ սկզբունքներով պիտի ձեւաւորուի կուսակցութեան համամասնական ցուցակը: Ան միայն նշեց, որ ցուցակը հրապարակելէն ետք ատիկա պարզ պիտի դառնայ:

Պատասխանելով «Առաւօտ»-ի այն հարցումին, որ արդեօք համամասնական ցուցակի այսպէս կոչուած անցողիկ աթոռներուն համար նոր դէմքեր պիտի ըլլա՞ն, Սէյրանեան նշեց, որ բնականաբար եւ անշուշտ նոր մարդիկ պիտի ըլլան: «Իսկ անցողիկ ըսուածը քիչ մը յարաբերական հասկացողութիւն է, բայց ամէն պարագայի մեր համամասնական ցուցակին մէջ նորութիւններ անպայման պիտի ըլլան», ընդգծեց Սպարտակ Սէյրանեան:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement