Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Ծաղկեպսակ Դրած Է
By adminx - Fri Mar 16, 7:49 am
«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ Մարսէյի մէջ 14 մարտին հանդիպում ունեցած է քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հոլլանտը ընդունած են Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Ժուլիէն Հարունեան եւ քարտուղար Փասքալ Շամասեան:
Հոլլանտ Փրատոյի հայկական տաճարին մէջ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին ծաղկեպսակ դրած է: Անկէ առաջ այդ նոյն վայրին մէջ 23 ապրիլ 1981-ին ծաղկեպսակ դրած էր նաեւ Ֆրանսայի 21-րդ նախագահ ընկերվարական Ֆրանսուա Միթերան:
Ֆրանսուա Հոլլանտ վերահաստատած է ընտրուելու պարագային Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք որդեգրելու իր դիրքորոշումը:
Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը ողջունած է Հոլլանտի այդ յայտարարութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ ան հետամուտ ըլլայ, որ Մարսէյի մէջ խոստացուած պարտաւորութիւնները ընտրուելու պարագային իրականութիւն դառնան:






