Wednesday Jun 19, 2013

Բանակը Ձերբակալեց Էսթոնիացի Զբօսաշրջիկներու Առեւանգումին Մեղսակիցներէն Մոհամետ Հուժէյրին

By adminx - Fri Mar 16, 7:34 am

Զօր. Քահուաժի եւ ծովակալ Կիու

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ բանակը ձերբակալած է անցեալ ապրիլին Պեքաայի մէջ էսթոնիացի զբօսաշրջիկներու առեւանգումի գործողութեան մեղսակիցներէն Մոհամետ Հուժէյրին, որ խոստովանեցաւ, թէ ինք առեւանգուողներուն կեցութեան վայր եւ սնունդ ապահոված է` որոշ գումարի փոխարէն:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ ծովակալ Էտուար Կիուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ջոկատին պարտականութիւնները:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան զօր. Քահուաժի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Կիուի:

Ընթրիքին ընթացքին զօր. Քահուաժի դրուատեց երկկողմանի արտակարգ յարաբերութիւնները, որոնց կը հաւատան երկու բարեկամ ժողովուրդները:

Իր կարգին, Կիու ընդգծեց լիբանանեան-ֆրանսական փոխադարձ սերտ յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ Փարիզ պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ հոգալ անոր կարիքները:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement