Վարչապետ Միքաթիի Այցելուները
By adminx - Wed Mar 14, 7:44 am
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան նոր դասագիրքին շուրջ մշակուած ծրագիրին մասին տարակարծութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանի պատմութեան դասագիրքին պատրաստութեան աշխատանքները պիտի սառեցուին, մինչեւ այս ծրագիրին վերաբերեալ լիբանանեան համախոհութեան գոյացումը:
Ժեմայէլ դրուատեց վարչապետ Միքաթին, որ անձամբ կը հետեւի անցեալ շաբաթ օր Փաղանգաւոր եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեանց ցուցարար ուսանողներուն դէմ ներքին ապահովութեան ուժերուն բանեցուցած բռնի ուժի եւ խոշտանգումի թղթածրարին:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որ վարչապետին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Լիբանանի մէջ գտնուող Իրանի նախագահի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Ճիւանֆեքր` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի, այցելեց վարչապետ Միքաթիի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ճիւանֆեքր հաստատեց, որ Թեհրան ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանին ելեկտրական հոսանք տրամադրելու առումով:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի եւ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ:






![mikati_sahnawi]](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2012/03/mikati_sahnawi-300x185.jpg)