Wednesday Jun 19, 2013

Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Այցելեցին «Ազդակ» Եւ «Վանայ Ձայն»

By adminx - Mon Mar 12, 7:21 am

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին մշակած դաստիարակչական ծրագիրին շրջագիծին մէջ, անցնող երեք շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն կրտսեր պատանիները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն` ծանօթանալու համար տարբեր լրատուամիջոցներուն եւ մամուլի աշխատանքին:

Ընդհանուր վարիչ մարմինի դաստիարակչական յանձնախումբին մշակած այս ծրագիրը յատուկ էր Լիբանանի պատանեկան միութիւններու շարքերուն մաս կազմող կրտսեր պատանիներուն:

«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ պատանիները ծանօթացան խմբագրական տարբեր աշխատանքներուն, այցելեցին խմբագրատան զանազան բաժինները, ինչպէս նաեւ թերթին վերանորոգուած տպարանը:

«Վանայ ձայն»-ի սթիւտիոներուն մէջ պատանիները ծանօթացան ձայնի հաղորդավարին պարտականութեան, տարբեր յայտագիրներու սփռումին, ինչպէս նաեւ հաղորդավարներուն կողմէ հարցազրոյց մը վարելու կամ լուրեր ընթերցելու մեթոտներուն:

Երեք շաբաթ օրերու վրայ երկարող դաստիարակչական այս ծրագիրը իր նպատակին հասաւ` պատանիներուն համար տպաւորիչ դարձնելով հայկական լրատուամիջոցներն ու անոնց աշխատանքները:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement