Thursday May 23, 2013

Ցեղասպանութեան Օրինագիծի Խայտառակ Մերժումը` Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին Կողմէ

By adminx - Mon Mar 12, 6:42 am

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ֆրանսայի եւ առհասարակ աշխարհասփիւռ հայութիւնը չափազանց վրդովուած էր Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի` Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մերժելուն մասին ընդունած խայտառակ որոշումէն:

Խորհրդարանն ու ծերակոյտը վերջերս ընդունեցին օրէնք մը, որով կը նախատեսուէր մէկ տարուան ժամկէտով բանտարկութիւն եւ 60,000 տոլարի չափով տուգանք այն մարդոց համար, որոնք կը մերժեն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները: Ֆրանսան պաշտօնապէս ճանչցած է Հրէական ողջակիզումը (Հոլոքոսթը) եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Թէեւ օրինագիծին մէջ յատուկ չէ նշուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Ֆրանսայի դէմ պատերազմ յայտարարելէ բացի, ըրաւ ամէն ինչ, որպէսզի խոչընդոտէ այդ օրինագիծին ընդունումը, այդպիսով ցոյց տալով, որ ինք այս երկու ցեղասպանութիւններէն մէկուն իրագործողն է: Չկարենալով խափանել Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի երկու տուներուն մէջ օրինագիծին ընդունումը` Թուրքիան եւ Ցեղասպանութեան ժխտման յանցագործութեան մէջ անոր կրտսեր գործընկեր Ազրպէյճանը դիմեցին բոլոր հնարաւոր քայլերուն` օրէնքը հակասահմանադրական ճանչնալ տալու համար:

Թուրքիան օգտագործեց Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինին վրայ ճնշում գործադրելու բոլոր ձեւերը, Սահմանադրական խորհուրդին մօտ օրինագիծը բողոքարկելու համար անհրաժեշտ 60 կամ աւելի ստորագրութիւնները հաւաքելու նպատակով: Զաւեշտական է այն, որ մինչ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պոյքոթի ենթարկած էր ֆրանսական ընկերութիւնները, թրքական խումբ մը վարձած էր ֆրանսական լոպիական ազդեցիկ ընկերութիւն մը, որպէսզի անիկա աջակցի նշեալ ստորագրութիւնները որսալու հարցին: Ազրպէյճան միացաւ այս չարաբաստիկ լոպիական ջանքերուն` Ֆրանսայի վեց ծերակուտականներ հրաւիրելով Պաքու, որպէսզի բողոքարկումը ստորագրելու դիմաց իրենց պարգեւատրումները ստանան: Այս կամ այն ձեւով, Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ անոնց ֆրանսացի գործադիրները յաջողեցան սիրաշահիլ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի 900 անդամներէն 142-ը, որպէսզի 2012-ի յունուար 31-ին Սահմանադրական խորհուրդին մօտ բողոք ներկայացնեն:

Ակնյայտօրէն ասիկա անընդունելի միջամտութիւն էր Ֆրանսայի ներքին գործերուն: Փոխանակ արտօնելու, որ թուրք դեսպանը օրէնսդիր մարմինի անդամներուն վրայ ճնշում բանեցնէ` Սահմանադրական խորհուրդին մօտ օրինագիծը բողոքարկելու համար ստորագրութիւն հաւաքելու հարցով, Ֆրանսա պէտք էր վտարէր զայն` դիւանագիտական իր լիազօրութիւնը խախտելուն համար: Պէտք չէր արտօնէին, որ Թուրքիան թելադրէր ֆրանսական օրէնքները:

Սահմանադրական խորհուրդի կազմին մէջ ներգրաւուած են տարբեր բնագաւառներէ  հանգստեան կոչուած 11 անձեր, որոնց մէջ կան` Ֆրանսայի երկու նախագահ, երկու դատաւոր, երեք օրէնսդիր եւ չորս պետական պաշտօնեայ: Խայտառակութիւնը սկսաւ, երբ ֆրանսական թերթ մը բացայայտեց, թէ խորհուրդին քանի մը անդամները, ներառեալ` նախագահը, շահերու բախում ունին արդար որոշումի հասնելու հարցով: Ոմանք այս հարցին կապակցութեամբ նախապաշարեալ յայտարարութիւններ ըրած էին նախապէս, ուրիշներ ալ գործարար կապեր ունէին Թուրքիոյ հետ, իսկ ամէնէն ահաւորը այն է, որ անոնցմէ մէկը` Հիւպերթ Հենել, անդամ է «Պոսֆորիւս ինսթիթիւթ» ֆրանս-թրքական գիտահետազօտական կազմակերպութեան, որ լոպիական գործողութիւններ կ՛իրականացնէր Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ:

Նման խայտառակ պայմաններու մէջ խորհուրդի անդամներէն շատերը պէտք էր սոյն հարցը քննելու գործին մէջ ինքնաբացարկ յայտարարէին: Այս ամօթալի բացայայտումներէն ետք, խորհուրդի երկու անդամներ հրաժարեցան այս օրինագիծի քննարկումին մասնակցելէ, իսկ նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի մասին ըսին, թէ չի կրնար մասնակցիլ նիստին` վատառողջ ըլլալու պատճառով:

Սահմանադրական խորհուրդի մնացած ութ անդամները 2012-ի փետրուար 28-ին կայացուցին վճիռը եւ հակասահմանադրական ճանչցան խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ հաստատուած` Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծը, գտնելով, որ անիկա կը խախտէ խօսքի ազատութեան վերաբերեալ ֆրանսական օրէնքները:

Ասիկա ապշեցուցիչ որոշում մըն էր երկու պատճառներով.

1) Սահմանադրական խորհուրդի որոշ անդամներ իրե՛նք խախտած են օրէնքը` վճիռ արձակելով այնպիսի հարցի մը շուրջ, որուն մէջ իրենք ունին ակնյայտ կողմնակալութիւն կամ շահերու բախում:

2) Անոնք վճիռ կայացուցին Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին հակասահմանադրական ըլլալուն շուրջ` պատճառաբանելով, որ ատիկա կը սահմանափակէ խօսքի ազատութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ուժի մէջ ձգելով մէկ այլ օրէնք, որ քրէական յանցանք կը համարէ Ողջակիզման ժխտումը: Խորհուրդի անդամները չբացատրեցին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը ինչո՞ւ կը սահմանափակէ խօսքի ազատութիւնը, իսկ Հրէական ողջակիզումը` ո՛չ: Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը պէտք է հաւասարապէս պաշտպանուած ըլլան օրէնքով: Պէտք չէ ըլլան երկակի չափանիշներ:

Ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու` Ֆրանսա ունի քանի մը օրէնքներ, որոնք կը սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ երբ հարցը հասաւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողները պատժելուն, (Սահմանադրական) խորհուրդի անդամները յանկարծ դարձան ազատ խօսքի յամառ պաշտպաններ:

Ֆրանսահայերը պէտք է ձեռնարկեն իրաւական եւ քաղաքական բոլոր միջոցներուն` խորհուրդին անարդար եւ անօրինական որոշումը փոխելու համար: Անոնք կրնան հայց ներկայացնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` ընդդէմ Սահմանադրական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ` նոր օրինագիծ ներկայացնել Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինին:

Քանի որ Ֆրանսայի նախագահութեան երկու գլխաւոր թեկնածուները խոստացած են յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք դարձեալ ընթացք տալ այս օրինագիծին, այս հարցը չի վերանար, այնքան ատեն որ չէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: Պէտք չէ արտօնել թուրքերուն դէպի Եւրոպա արտահանել իրենց ժխտողական քաղաքականութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement