Wednesday Jun 19, 2013

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Գոյքի Վերադարձման Մասին Օրինագիծը Պիտի Ներկայացուի Ծերակոյտին

By adminx - Sat Mar 10, 7:50 am

Քլինթընին դիմած երեք ծերակուտականները

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ Սքոթ Պրաուն, Տայա Ֆէյնսթին եւ Մարք Քըրք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին դիմած են` պահանջելով Անգարան Ճնշումներու ենթարկել, իւրացուած քրիստոնէական եկեղեցիներու վերադարձման եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դաւանանքի լիարժէք ազատութեան ընձեռման համար:

Ծերակուտականները Թուրքիոյ կոչ ուղղած են վերադարձնելու բոլոր վիճելի եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ եկեղեցական գոյքը` դպրոցներ, հիւանդանոցներ, յուշարձաններ, նաեւ շարժական գոյքը:

Անոնք նաեւ կոչ ուղղած են հայկական եւ յունական եկեղեցիներուն գոյքի տնօրինման եւ առանց խոչընդոտներու կրօնական հաւաքներու, դասընթացքներու կազմակերպման կարելիութիւն ընձեռել, ինչպէս նաեւ ունենալ նախարարութիւն` աղքատներու, հիւանդներու եւ այլ կրօնական հարցերով զբաղելու համար:

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է, թէ կը հաւատայ, որ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն կողմէ ծերակոյտին ներկայացուող բանաձեւը պիտի որդեգրուի: Ըստ անոր, յանուն բանաձեւի որդեգրման իրենք պատրաստ են երկու կուսակցութիւնները ներկայացնող ծերակուտականներուն հետ աշխատելու:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement