Նախարար Մանսուր Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Մոալլեմի Հետ
By adminx - Sat Mar 10, 7:43 am
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ զարգացումները:
Մանսուր նկատել տուաւ, որ Մոալլեմ եւ շեշտած է, որ Սուրիոյ տագնապը հետզհետէ դէպի լուծում կ՛ուղղուի եւ կացութիւնը կը բնականոնանայ:
Անդրադառնալով Քոֆի Անանի Սուրիա կատարելիք այցելութեան` Մանսուր նշեց, որ Մոալլեմ հաստատած է, որ Սուրիա կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Քոֆի Անանի Դամասկոս կատարելիք այցելութիւնը:
Միւս կողմէ, Մանսուր, իբրեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ներկայ գտնուեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովին, որուն նիւթն էր աշխարհի բոլոր ծագերուն լիբանանեան գոյութիւնը:
Այս առումով Մանսուր մաղթեց, որ արտերկրի լիբանանցիները իրենց դերակատարութիւնը ունենան Լիբանանի եւ լիբանանեան գաղութներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու աշխատանքին մէջ:





