Tuesday May 21, 2013

Պըրրի Ընդունեց Էխհորեսթը

By adminx - Fri Mar 09, 7:51 am

Էխհորեսթ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը` ներկայութեամբ «Ամալ» շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Եասին Ժապեր, որոնք քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement