«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Ռուսիոյ Հետ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգի Վերաբերեալ Համաձայնութիւնը Ստորագրել» Կ՛Ըսէ Քլինթըն
By adminx - Fri Mar 09, 7:39 am
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ յոյսով են, որ Ռուսիոյ հետ պիտի ստորագրեն Հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու վերաբերեալ համաձայնութիւնը եւ կ՛ակնկալեն այդ հարցը մայիսի վերջաւորութեան Շիքակոյի մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստին ընթացքին մանրամասն կերպով քննարկել:
«Ինչպէս յայտնած ենք, մենք շատ կը փափաքինք Հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի եւ ընդհանուր սպառնալիքներու հակազդման մարզին մէջ Ռուսիոյ հետ համագործակցիլ: Ասիկա ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ` ՕԹԱՆ-ի դիրքորոշումն է, որ մենք կը ծրագրենք քննարկել Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստին ընթացքին: Դժբախտաբար, մենք տակաւին աճ չենք նկատեր, սակայն կը պատրաստուինք ռուսական կողմին հետ բանակցութիւնները շարունակելու, եւ յոյս ունինք, որ հասնինք համաձայնութեան մը, որ պիտի բաւարարէ երկու կողմերուն ալ պահանջները», ըսաւ Քլինթըն:
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն պիտի չհրաժարի Եւրոպայի մէջ Հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի տեղակայման ծրագիրէն:
Նախապէս ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնատար անձեր յայտարարած էին, որ երկկողմ բանակցութիւնները մտած են փակուղի` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ չտրուելուն պատճառով:
Ռուսիոյ կարծիքով` Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային ծրագիրը կը սպառնայ երկրի անվտանգութեան:





