Տաւութօղլուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան Այցելութեան Մասին Յաւելեալ Մանրամասնութիւններ. «Մենք Կապ Պիտի Հաստատենք Նաեւ Անցեալին Այս Երկիրը Ձգած Ու Հեռացած Հայերուն Հետ» Ըսած Է Տաւութօղլու
By adminx - Wed Mar 07, 7:57 am
«Մարմարա» Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի շաբաթ, 3 մարտի երեկոյեան Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան այցելութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ:
Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան իրեն հետ առնելով նաեւ քանի մը համայնքային ներկայացուցիչներ Տաւութօղլուի հետ ունեցած է դռնփակ հանդիպում մը, որ տեւած է 45 վայրկեան: Հանդիպումի աւարտին բոլոր ներկաները մէկտեղուած են մեծ սրահին մէջ եւ թրքական մամուլին արտօնուած է հետեւիլ խօսակցութիւններու առաջին փուլին, ապա նախարարը դռնփակ հանդիպում մը ունեցած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Արամ սրբազանը յայտնած է, որ հայ համայնքը շատ կը ցաւի Թաքսիմի մէջ պարզուած հակահայ կարգախօսներուն համար: «Օսմանեան շրջանին շատ երջանիկ էինք, Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմետ անձամբ հիմնած էր այս պատրիարքարանը: 550 տարի մենք ալ աշխատեցանք այս երկրին զարգացման ի նպաստ: Սակայն հանրապետական շրջանին չկրցանք տեսնել այն գեղեցկութիւնները, զորս կ՛ուզէինք տեսնել: 1950-էն վերջ կարծես թէ մենք անկիւն մը շպրտուեցանք: Մինչեւ որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ եկաւ, վերիններէն ո՛չ ոք գիտէր պատրիարքարանին ճամբան: Հիմա պետութիւնը յիշեց հայ համայնքի գոյութիւնը: Տեսանք, որ այս երկրին մէջ կարգ մը բաներ փոխուիլ սկսած են: Սառցակոյտը մեր դիմաց էր ու կը վախնայինք, որ մեր վրայ պիտի գայ, սակայն սառցակոյտը հալիլ սկսաւ: Մենք այս երկրին մասնիկներն ենք», ըսած է Արամ սրբազանը:
Ան յիշեցուցած է, որ համայնքին խնդիրներէն մէկը կալուածներուն խնդիրն էր: «Վարչապետին կարգադրութեամբ հիմա որոշուեցաւ վերադարձնել 1936-ի տոմարներուն մէջ արձանագրուած մեր կալուածները: Այս տեսակէտէն երջանիկ ենք: Այս երկրին մէջ ան որ թուրք չէր, որեւէ պետական պաշտօն չէր կրնար ստանձնել, ոստիկան իսկ չէր կրնար ըլլալ: Աղուոր բաներու կարգին տառապանքներ ալ ապրեցանք: Թաքսիմի մէջ արտասանուած խօսքերը ցաւ պատճառեցին մեզի: Դուք այս ժողովուրդը չէք կրնար այս կերպով նախատել», ըսած է սրբազանը` աւելցնելով, որ «այս երկրին մէջ եթէ հայերը չըլլան, Թուրքիոյ մէկ ոտքը հաշմանդամ կը մնայ»:
Տաւութօղլու յիշեցուցած է, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօն առաջարկուեցաւ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուին, սակայն ան չկրցաւ ընդունիլ այդ պաշտօնը: Նախարարը ըսած է, որ պիտի յաղթահարուին բոլոր այն նախապաշարումները, որոնք հաշտ չեն թուրքերու եւ հայերու կողմէ ստեղծուած միասնական մշակոյթին: «Մենք կապ պիտի հաստատենք նաեւ այն հայերուն հետ, որոնք անցեալին այս երկիրը ձգեցին ու հեռացան: Յառաջիկայ շրջանին նախապաշարումները պիտի յաղթահարենք ո՛չ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ Կովկասներուն մէջ»:
Խօսելով Թաքսիմի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին պարզուած տգեղ պաստառներուն մասին` Տաւութօղլու ըսած է, որ ինք եւս կողմնակից չէր ու այս մասին իր առարկութիւնները յայտնած է պատկերասփիւռէն կատարուած զրոյցներու ընթացքին, այդ պատճառով ալ արդէն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը զինք Տաւութեան կոչած էր: Ինք չէ առարկած, որովհետեւ եթէ առարկէր այդ անուան դէմ, հայերը նախատած պիտի ըլլար:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը դիտել տուած է, որ Միջին Արեւելքը պատմական եւ բախտորոշ շրջան մը կ՛ապրի, եւ այս շրջանի գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն ալ Թուրքիոյ համար հողատարածքի կրօնական համայնքներուն միջեւ փոխհասկացողութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտ ստեղծելն է:
Հանդիպումին աւարտին Տաւութօղլու ներկաներուն յայտնած է, որ զիրենք Անգարայի մէջ կը սպասէ: «Եկէք եւ միշտ խօսինք կարեւոր հարցերու մասին: Մեր դռները ձեր դիմաց բաց պիտի ըլլան», նշած է ան:





