Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Զոյգ Ցոյցեր` Շէյխ Ահմետ Ասիրի Եւ Պաասի Կազմակերպութեամբ
By adminx - Tue Mar 06, 7:49 am
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ, շէյխ Ահմետ Ասիրի հրաւէրին ընդառաջելով` սալաֆական շարժումի հարիւրաւոր հետեւորդներ անցեալ կիրակի օր մասնակցեցան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, որուն ընթացքին զօրակցութիւն յայտնուեցաւ Հոմսի եւ սուրիացի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ դատապարտուեցաւ սուրիական վարչակարգն ու նախագահ Պաշշար Ասատը:
Միւս կողմէ, շէյխ Ասիրի կոչին ընդդիմացաւ Պաաս կուսակցութիւնը, որ իր կարգին պահանջեց նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամուն կատարել ցոյց մը` ի զօրակցութիւն սուրիական վարչակարգին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին:
Լիբանանեան պետութիւնը արտօնեց երկու ցոյցերու կայացումը, պայմանաւ որ սակայն այդ ցոյցերը ըլլան խաղաղ եւ ոչ ոքի առիթ տրուի ցոյցը վերածելու ապահովական միջադէպերու կամ բախումներու: Այս նպատակով ապահովական ուժերը շաբաթ երեկոյեան արդէն իսկ Նահատակաց հրապարակը փշաթելերով բաժնեցին երկու հրապարակներու:
Ներքին ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին` պահպանելու համար ցուցարարներուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու համար սուրիական վարչակարգին թեր եւ դէմ կարծիքներ ունեցող կողմերուն միջեւ արձանագրուելիք հաւանական որեւէ բախում:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել անձամբ ներկայ գտնուեցաւ ցոյցերուն, որոնց մասնակցողներուն կողմէ ան դիմաւորուեցաւ սպիտակ վարդերով: Ան հսկեց որդեգրուած ապահովական արտակարգ խիստ միջոցառումներուն` շեշտելով, որ բոլոր կողմերը կը գիտակցին, որ կացութիւնը որքան վտանգաւոր կրնայ ըլլալ` որեւէ բախումի պարագային:
«Սակայն մեր պարտականութիւնն է ապահովել, որ բոլոր կողմերը ազատօրէն եւ անվտանգութեան մթնոլորտին ներքեւ արտայայտեն իրենց կարծիքը», ըսաւ ան:
Կէսօրուան ժամը 1:00-ին տեղի ունեցած սալաֆականներու ցոյցին մասնակցեցան Սայտայէն, հիւսիսային Լիբանանէն եւ Պեքաայէն ժամանած սալաֆականներ, որոնք սեւ դրօշներով քալեցին` գլխաւորութեամբ շէյխ Ասիրի:
Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ սալաֆական շարժումի հիւսիսային Լիբանանի ղեկավարներ` իսլամ քարոզիչ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք, շէյխ Պիլալ Տըքմաք եւ լրագրող Մոհամետ Սալամ: Ցոյցին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հռչակաւոր երգիչ Ֆատըլ Շաքեր, որ խստիւ բողոքեց սուրիական վարչակարգին դէմ:
Իր արտասանած խօսքին մէջ շէյխ Ասիր կոչ ուղղեց քրիստոնեայ համայնքին մնալու Լիբանանի մէջ ու տոկալու դժուարութեանց դէմ եւ ոչ թէ արտագաղթի դիմելու:
«Դուք ոչ ոքէ պաշտպանութիւն պէտք է խնդրէք, այլ` մենք ձեզմէ կը խնդրենք մնալ Լիբանանի մէջ եւ պաշտպանել մեզի: Մի՛ արտօնէք, որ դահիճ Պաշշարը քրիստոնեայ համայնքին վախ պատճառէ` զանոնք զգուշացնելով անոնց գոյութեան սպառնացող հաւանական վտանգներէն, որոնք վերացական են», ըսաւ ան:
Շէյխ Ասիր անկարելի նկատեց լուռ մնալ սուրիական վարչակարգին կողմէ Հոմսի մէջ գործուած սպանդներուն դէմ. ան կոչ ուղղեց վերջ տալու Պաշշար Ասատի նախագահութեան եւ սուրիական վարչակարգի իշխանութեան:
Շէյխ Ասիրի հրաւիրած ցոյցին դիմաց` Տըպպասի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան ցոյցը, զոր նախագահեց կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր:
Պաաս կուսակցութեան ցուցարարները բարձրացուցին Սուրիոյ դրօշակները եւ նախագահ Պաշշար Ասատի լուսանկարները կրող որմազդներ, ինչպէս նաեւ բացագանչեցին Սուրիոյ նախագահին եւ սուրիական վարչակարգին զօրակցող կարգախօսներ:
Շքըր իր խօսքը ուղղելով ներքին գործոց նախարարին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր քարտուղար զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի յայտնեց, որ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդ սալաֆականները կրնան որեւէ ատեն լիբանանեան պետութեան դէմ գործել, ինչպէս պատահած է Նահր Պարետի դէպքերուն ընթացքին: «Հետեւաբար պէտք է առաւելագոյն չափով զգուշ ըլլալ», ըսաւ ան:
Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը խստիւ դատապարտեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ ժոմպլաթը, որ Լիբանանի, հիւսիսի եւ Քաթարի մէջ ամէն ջանք ի գործ դրած է Սուրիոյ մէջ վարչակարգին դէմ կռուող զինեալներուն գումակային օժանդակութիւն ապահովելու:
Շքըր շէյխ Ահմետ Ասիրը ամբաստանեց Լիբանանի մէջ համայնքային լարուածութիւններ եւ բախումներ հրահրելու յանցանքով:







