Նոր Մօտեցում. Աշխատանքներ` Պտուտակներով
By adminx - Sat Mar 03, 6:37 am
Երէկ Հայկազեան համալսարանի «Արթիւր Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ երիտասարդ ստեղծագործող Վահրամ Նաճար-Աղազարեանի ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսը: Վահրամը կը ստեղծագործէ անսովոր նիւթով մը` պտուտակներով (գամեր, որոնք կը մտնեն դառնալով):
Վահրամ ծնած է Կիպրոս, երկար տարիներ ապրած է Իտալիա, եւ արդէն քանի մը տարի է` հաստատուած է Լիբանան: Անոր ընտանիքը Լիբանանի մէջ կը զբաղի պտուտակներու մեծաքանակ վաճառքով: Վահրամ կ՛աշխատի ընտանիքին հետ. օր մը ան աշխատանքի ատեն վնասած էր ձեռքը եւ, չկարողանալով աշխատիլ, իրեն համար զբաղում գտած էր պահեստանոցին մէջ` սկսած էր թուղթի մը վրայ շարել պտուտակները: Ինչպէս «Ազդակ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, նոյն այդ ժամանակ ալ նկատած է, որ պարզ պտուտակները սկսած են պատկերներու, գիծերու ձեւեր առնել եւ զինք մղած են երեւակայելու: Այդ կերպ ստեղծած է իր առաջին աշխատանքները, սկզբնական շրջանին` խաւաքարտի, իսկ այսօր արդէն` տախտակի վրայ: Ան տարբեր չափերու եւ գոյներու պտուտակները վարպետօրէն ամրացնելով` կը ստանայ դիմանկարներ, եկեղեցիներ, խաչեր, միջատներ, անասուններ, այլ պատկերներ, որոնք իրենց թեքնիքով թերեւս նորութիւն են: Արդէն տասը տարի այս սեռին մէջ ստեղծագործող Վահրամ Նաճար-Աղազարեան ինքն ալ ըսաւ, որ սկզբնական շրջանին, երբ աշխատելու սկսած է պտուտակներով, փնտռած է, սակայն չէ գտած նման թեքնիքով աշխատանքներ, եղած են ստեղծագործութիւններ` պարզ գամերով կամ երկաթեայ այլ նիւթերով, սակայն ոչ` պտուտակներով:
Վահրամին աշխատանքները, մաս կազմելով տիզայնի սեռին, այսօր կը ցուցադրուին Լիբանանի տիզայներներու աշխատանքներուն քով: Անոր աշխատանքները իրենց գաղափարով մօտ են նաեւ խճանկարին, փակցանկարին, փորագրութեան: Իր ստեղծագործական նիւթերուն մէջ գործածելով առօրէական առարկաներ (ըսենք` կօշիկ, շարժանիւ)` այս ձեւով ան իր աշխատանքները կը մօտեցնէ նաեւ փոփ-արթին: Վահրամ Նաճար-Աղազարեան իր այս գործերը առաջին անգամ ցուցադրած է 2007 թուականին` Իտալիա, Միլանոյի Ռուսական արուեստի ցուցասրահի մը մէջ (ցուցադրուած են սրբանկարները) եւ ստացած է առաջին արձագանգները, որ` անոնք նորութիւն են թեքնիք իմաստով: Այնուհետեւ աշխատանքները ցուցադրուած են Փարիզ, ետքը` Լիբանան:
Վահրամ Աղազարեան կը նշէ, որ պտուտակը իրեն համար առանձնակի իմաստ եւ մեծ կարեւորութիւն ունեցող մաս մըն է. «Աշխարհի մէջ ոչինչ այսօր առանց պտուտակի չի կրնար գոյութիւն ունենալ, ամէն ինչ կը փլի առանց այս փոքրիկ մասնիկին: Ամէն ինչի մէջ մետաղէ այդ փոքր կտորին ներկայութիւնը կայ, պարզ աթոռներէն մինչեւ ամէնէն մեծ մեքենաները, սարքերը, համակարգիչները, սակայն մենք չենք զգար անոր ներկայութիւնը, տեսակ մը թաքնուած է պտուտակը, եւ այս ձեւով ես փորձ մը ըրի` շեշտելու անոր գոյութիւնը, իմաստը, արժեւորելու զայն», ըսաւ Վահրամ Նաճար-Աղազարեան:

Վահրամ կ՛ըսէ նաեւ, որ իր գործերը եռաչափ ըլլալուն պատճառով (ունին բարձրութիւն, ուռուցիկութիւն) իրենց մէջ նաեւ քանդակին գաղափարը կը պարունակեն: Չի բացառուիր, որ ան (ինչպէս ըսաւ մեզի հետ զրոյցի ընթացքին) հետագային զարգացնէ թեքնիքը եւ ստեղծէ նաեւ պտուտակներով քանդակներ. «Անշուշտ նոյն այս ձեւին մէջ չեմ մնար, զարգացում պէտք է, որքան աշխատիմ, ամէն օր նորանոր գաղափարներ կու գան», յայտնեց մեր զրուցակիցը:
Վահրամ կը փորձէ պտուտակները գործածել իրենց գործարանային տեսքով` պահելով արտադրական գոյները, որոնք շատ են` ոսկեգոյնէն, պղնձագոյնէն մինչեւ արծաթագոյնի եւ սրճագոյնի ամենատարբեր երանգները, սակայն ստիպուած կ՛ըլլայ երբեմն ակնառու գոյն մը աւելցնել. «Պտուտակին բնական գոյնը երբեմն կ՛օգնէ պատկերին: Ինծի համար այլեւս անհրաժեշտութիւն մը եղած է օրուան մէջ քանի մը ժամ աշխատիլ այս պզտիկ առարկաներուն հետ: Երկաթին հոտը, փայլը, գոյնը տարբեր ու հարազատ զգացողութիւն մը կու տայ ինծի», կ՛ըսէ Վահրամ` աւելցնելով, որ համբերութիւն պահանջող գործ մըն է, որ նաեւ ֆիզիքական ուժի կը կարօտի, քանի որ պտուտակները տախտակի վրայ ան կ՛ամրացնէ գործիքով` ձեռքով դարձնելով զանոնք: Եռաչափ ազդեցութիւն ձգելու համար շատ կարեւոր է գիտնալ, թէ ո՞ր մասի պտուտակը շատ պիտի ամրացուի, ո՞ր մասին վրայ դուրս պիտի մնայ եւ այլն: Ինչպէս նշեց ան, աշխարհի տարբեր երկիրներէ հաւաքորդներ, պարզապէս նորութիւններու սիրահարներ համացանցի միջոցով կը հետաքրքրուին այս աշխատանքներով, կը գնեն եւ կը կախեն տուներուն մէջ:
Հայկազեան համալսարանին մէջ ցուցադրուած են Վահրամ Նաճար-Աղազարեանէն մօտ 60 գործեր` հայկական խաչեր, դիմանկարներ, անասուններ, մեղուներ, միջատներ:
Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ





