Նախագահ Սլէյման Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Գտնուի Չեխիա
By adminx - Fri Mar 02, 7:45 am
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, աւարտելէ ետք Ռումանիա իր այցելութիւնը, երէկ հասաւ Չեխիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Չեխիոյ նախագահ Վաքլաւ Քլաուսի հետ:
Փրակայի մէջ գտնուող նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահներ Սլէյման եւ Քլաուս քննարկեցին լիբանանեան-չեխական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` երկու պետութիւններուն միջեւ տնտեսական եւ ներդրումի մարզերուն մէջ ստորագրուած համաձայնագիրներուն շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի կացութեան մասին ընդհանուր առմամբ Եւրոպական Միութեան եւ յատկապէս Չեխիոյ կեցուածքը:
Նախագահներ Սլէյման եւ Քլաուս համաձայնեցան երկկողմանի աշխատանքը շարունակել` երկու երկիրներուն միջեւ նախարարներու փոխադարձ այցելութիւններով եւ գործակցութեան կարելիութիւնները քննարկելու ջանքերով:
Նախագահներուն միջեւ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյմանի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան անդամները եւ անոնց չեխիացի պաշտօնակիցները:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց Չեխիոյ հետ յարաբերութիւններն ու բարեկամութիւնը բարելաւելու եւ ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան ընդգծեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու Լիբանանի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց արաբեւիսրայէլեան տագնապին լուծման կարեւորութիւնը:






