Ուիսամ Իտի Նուիրուած Կէս Մարաթոն. 400 Երկսեռ Մասնակցողներ Վազեցին 21,1 Քմ Վազքի Մրցումին
By adminx - Tue Feb 28, 7:06 am
Կազմակերպութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ գործակցութեամբ Ինթըր Լեպանոն ակումբին, կիրակի, 26 փետրուարին տեղի ունեցաւ նահատակ Ուիսամ Իտի անուան 5-րդ միջազգային կէս-մարաթոնի վազքի մրցումը (21,1 քմ), որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 400 երկսեռ մասնակցողներ (տեղացի եւ օտար):
Անիկա սկսաւ Շեւրոլէ-Թահուիթա շրջանէն` հասնելով մինչեւ Տըպպայէի շրջանին մէջ գտնուող ներքին ապահովութեան ուժերու Սայյար բանակավայրը, որ եղաւ ժամանման գիծը:
Այդ բանակավայրին մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին բարձրաստիճան զինուորականներ, Ուիսամ Իտի հայրը` Մահմուտ, անոր ընտանեկան պարագաները եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Տղոց գլխաւոր մրցումին առաջին դիրքը գրաւեցին լիբանանեան բանակէն Հիւսէյն Աուատա եւ ֆրանսացի Համիտ Պալհաժ (Ինթըր Լեպանոն), որոնք արձանագրեցին 1 ժամ 10′ 16″ արդիւնք մը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումին, առաջին դիրքը գրաւեց վեթերան Իլղա Թրատ (Էլիթ ակումբ), որ արձանագրեց 1 ժամ 32′ 00″ արդիւնք մը:
Կէս-մարաթոնի վազքի այս մրցումին մասնակցեցան նաեւ հայեր:
Կազմակերպիչ ակումբին կողմէ «Ազդակ»-ի մարզական բաժանմունքին ղրկուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 45-49 տարեկան դասակարգին մէջ Սերժ Զոփուրեան (Ինթըր Լեպանոն) գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով` 1 ժամ 28′ 22″ արդիւնք մը:
50-54 տարեկան դասակարգին մէջ 5-րդ հանդիսացաւ Մանուկ Թելֆայեան (ՀՄԸՄ), որ արձանագրեց 1 ժամ 51′ 15″ արդիւնք մը:
60-64 տարեկան դասակարգին մէջ Էմանուէլ Իզմիրլեան հանդիսացաւ առաջին (1 ժամ 33′ 47″), իսկ անոր ետին երրորդ դիրքը գրաւեց Լեւոն Թաշճեան (ՀՄԸՄ)` արձանագրելով 1 ժամ 48′ 55″ արդիւնք մը:
Վերջապէս, աղջկանց 20-39 տարեկան դասակարգին մէջ Քարոլ Պոյաճեան գրաւեց 17-րդ դիրքը` արձանագրելով 1 ժամ 55′ 32 արդիւնք մը:






