Սուրիոյ Մէջ Քուէարկողներուն 89.4 Առ Հարիւրը Նոր Սահմանադրութեան Թեր Քուէարկեցին
By adminx - Tue Feb 28, 7:16 am
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաար երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէին մասնակցութեան համեմատութիւնը 57.4 առ հարիւր էր, իսկ քուէարկողներուն 89.4 առ հարիւրը, այսինքն` 7 միլիոն 490 հազար 319 քուէարկող, թեր քուէարկած է: Նոր սահմանադրութեան դէմ քուէարկած է քուէարկողներուն 9 առ հարիւրը, այսինքն` 753 հազար 208 հոգի, իսկ չեղեալ նկատուած քուէներուն համեմատութիւնը 1.6 առ հարիւր է: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ անդրադառնալով հանրաքուէին զայն «խեղկատակութիւն» նկատեց:
Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիական ընդդիմութիւնը զինէ, եւ արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիրներուն ապաստան ստեղծելու հարցին նախաձեռնութիւնը ստանձնելու: Ան ըսաւ, որ արաբական երկիրները պէտք է մասնակցին Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու միջազգային զինուորական ջանքին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են, ներառեալ` զինուորական միջամտութիւնը, եւ շարք մը երկիրներ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար այս հարցը քննարկած են: Ան ըսաւ, որ Անգարա պատրաստ է բոլոր կարելիութիւնները դիմակայելու եւ սուրիական վարչակարգին դէմ միջազգային ընտանիքին որոշելիք որեւէ քայլի մասնակցելու:
Մինչ այդ, բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը, վկայակոչելով գաղտնի սպասարկութեանց աղբիւրներ հաղորդեց, որ «Սուրիա Թուրքիան կ՛օգտագործէ պատժամիջոցները շրջանցելու եւ իր զէնքերուն համար անհրաժեշտ կազմածներուն տիրանալու իբրեւ միջանցք»: Աղբիւրները նշեցին, որ Չինաստանէն, Իրանէն եւ այլ վայրերէ զինուորական կազմածներ հաւանական է, որ Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա կը հասնին, հակառակ Դամասկոսի դէմ Անգարա որդեգրած առ երեւոյթ խիստ կեցուածքին:
Եւրոպական Միութիւնը երէկ Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան եւ օդանաւային ապրանքատարութեան դէմ պատժամիջոցներ որդեգրեց, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ Սուրիոյ ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ:
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին «Մոսքովսքի Նովոսթի» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ համապարփակ քաղաքացիական պատերազմի մը յառաջացման արգելք հանդիսանալ: Ան յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ լիպիական դիպաշարի կրկնութիւնը պէտք չէ արտօնել»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովէն բխած` սուրիական ընդդիմութիւնը իբրեւ Սուրիոյ մէջ ժողովուրդի օրինական եւ միակ ներկայացուցիչ մարմին ճանչցող որոշումը եւ զայն զինելու կոչը լիպիական դիպաշարի կրկնութիւնն է»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Թունուզի խորհրդաժողովը «միակողմանի» բնոյթ կը կրէր, «եւ մեզի համար յստակ է, որ այս ժողովը բոլոր կողմերուն տագնապին քաղաքական լուծում մը փնտռելու մղելու պայմաններու ստեղծման չօժանդակեց»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Փեքին չի կրնար ընդունիլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի` Չինաստանի եւ Ռուսիոյ սուրիական տագնապին վերաբերող կեցուածքներուն շուրջ յայտարարութիւնները: Ան նշեց, որ արտաքին աշխարհը պէտք է դադրի տագնապը լուծելու իր ծրագիրը սուրիացի ժողովուրդին պարտադրելէ:
Միւս կողմէ, Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի իշխանութեան մէջ Փեշմերկաներու հարցով փոխնախարարը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական բանակէն դասալիք եղած 30 զինուորներ քրտական շրջան հասած են, եւ անոնց ապաստանեալի կարգավիճակ տրուած է: Անուար Հաճիօսման յայտնեց, որ քրտական ծագումով սուրիացի 30 զինուորներ վերջին երկու օրերուն ընթացքին ապաստանած են Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանը «եւ անոնք ներկայիս մեր պաշտպանութեան տակ են»:






