Անթիլիասի Միջազգային Համագումարը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն . Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը Լուսարձակի Տակ Առնուեցան Տարբեր Պրիսմակներով Եւ Միջազգային Մօտեցումներով
By adminx - Sat Feb 25, 8:01 am
Միջազգային օրէնքը եւ ճանաչումն ու հատուցումը ընդհանուր խորագիրով երէկ իր աշխատանքներուն սկսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» նիւթով միջազգային համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայ թէ օտար մասնագէտներ, փրոֆեսէօրներ եւ հիւրեր:
Առաջին նիստին կը նախագահէր փրոֆ. Մալկոսիա Ֆիթզմաուրիս: Առաջին զեկուցաբերն էր փրոֆ. Ֆեռնանտօ Թեսըն, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նման ոճիրներու պարագային ներում հայցելու անհրաժեշտութեան ու անոր ունեցած տարբեր տեսակի ազդեցութիւններուն: Ան հիմնականօրէն լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ բարոյական որքան մեծ արժանիք է ներում հայցելը, նաեւ միւս կողմին որքան մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ այդ մէկը: Ան մանրամասն բացատրեց հաւաքականութեան գործած ոճիրին համար հաւաքականութեան կողմէ հայցուած ներումին եւ անհատական ներումին տարբերութիւնները` դիտել տալով, որ անհատականները որքան ալ կարեւոր ըլլան, սակայն պէտք չէ միշտ ակնկալել, որ հաւաքականին համար անհատներ ներում հայցելու ստիպուած են, այլ այդ մէկը պէտք է կատարուի աւելի բարձր մակարդակով:
Մարդու իրաւունքներու պրիսմակէն դիտուած ճանաչումի անհրաժեշտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան ու հաւաքական յիշողութեան վերականգնման մասին խօսեցաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Ուիլսըն, որ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ կատարուած ոճիրի մը մասին զոհերուն եւ անոնց հարազատներուն անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելու եւ համապատասխան կերպով մարդկային մօտեցում դրսեւորելու կարեւորութիւնը: Ան իբրեւ ելակէտ նկատի առաւ համալսարանի իր ուսանողներուն հետ կատարած ուսումնասիրութիւնը, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու հոգեբանական վիճակին, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ընդհանուր հաւաքականութեան եւ անոր զարգացման ընթացքին վրայ:
Առաջին նիստի երրորդ զեկուցաբերն էր Ով Պրինկ, որ յիշատակեց 1915-էն ետք մարդկային պատմութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուղղակի կամ անուղղակի ճանաչման հիմնական թուականներն ու դրսեւորումները, որոնք անպայման պետական մակարդակի վրայ չեն ըլլար: Ան յիշեց, որ թերթերուն մէջ տեղ գտած լրատուութիւնները եւս, որոնք կը սկսին բաւական հին ժամանակներէն, ոճիրը ընդունելու արտայայտութիւններ են: Պրինկ անդրադարձաւ հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը այս գծով եղած յատկանշական իրադարձութիւններուն, գոյութիւն ունեցող փաստերուն ու վկայութիւններով` հաստատելով, որ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է, անկախ թիւերէն, պայմաններէն կամ անոր առնչուած տարբեր տեսակի մանրամասնութիւններէն: Զեկուցաբերը շեշտեց, որ ներկայ պարունակին մէջ պէտք է դիտել այս բոլորը եւ համապատասխան արժեւորումներ կատարել:
Կարճ դադարէ մը ետք խորհրդաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները` երկրորդ նիստին համար հիմնական խորագիր ունենալով ցեղասպանութեան նման ոճիրի մը նկատմամբ օրինական իշխանութեան կամ իրաւասութեան պարագան:
Դատաւոր Ճօ Վերհովենի նախագահած նիստին առաջին զեկուցաբերն էր փրոֆ. Մարք Ֆինտլէյ, որ խօսեցաւ ցեղասպանութեան ոճրայնութեան եւ անոր իրաւական կարգավիճակին մասին:
Ան դիտել տուաւ, որ ցեղասպանութեան նիւթը քննարկումի նիւթ կրնայ դառնալ տարբեր ատեաններու մէջ` աւելցնելով, որ հարցը միայն պատասխանատուութեան ստանձնումին մէջ չի կայանար, այլեւ` իրաւունքներու պահպանման եւ վերադարձուելուն: Ան Հայոց ցեղասպանութեան մօտեցաւ իբրեւ միջազգային ընտանիքի իրաւական հովանիին տակ դրուած հարց մը, որովհետեւ տեղի ունեցածը միայն տուեալ հաւաքականութեան չի վերաբերիր: Այս պարունակէն ու դիտանկիւնէն ան անդրադարձաւ ոճրային արարքներու պատասխանատու եւ տուժող կողմերուն կարգավիճակներուն:
Փրոֆ. Քարսթեն Սթահն խօսեցաւ միջազգային ոճրային ատեանին եւ ցեղասպանութեան մասին` մատնանշելով հեռանկարներն ու սահմանափակումները:
Ան դիտել տուաւ, որ միջազգային մակարդակի վրայ ոճիրի մը բնութագրումը տալու համար կարեւոր է միութիւն մը ստեղծել միջազգային ոճրային ատեանի վճիռին եւ մարդկային իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններու եզրակացութիւններուն միջեւ, այլապէս անոնք կրնան հակասական ըլլալ: Ք. Սթահնի համաձայն, իրականութիւնը չըսելու մէջ եւս յանցանք գոյութիւն ունի, որովհետեւ միջազգային կառոյցներ երբեմն շատ մակերեսային կերպով կը մօտենան հարցերուն` զանոնք արդար վճիռով կշռադատելէ շատ հեռու երթալով:
Երրորդ զեկուցաբերն էր Ֆրետերիք Մեկրեթ, որ անդրադարձաւ Եւրոպական մարդու իրաւունքներու դատարանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան: Լուսարձակի տակ առնելով Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունեցող տրամադրութիւնները` հիմնուելով յատկապէս Թուրքիոյ մէջ այս գծով գործող օրէնքին եւ Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ վերջերս որդեգրուած բանաձեւին վրայ: Զեկուցաբերը այս երկուքին միջեւ բաղդատութիւններ կատարեց, յատկապէս անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան կաշկանդման, նաեւ նշեց Ֆրանսայի օրէնքին ծալքերը` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ մինչ Թուրքիա կ՛ուրանայ, Ֆրանսա իրականութիւնը պաշտպանելու փորձ կը կատարէ:
Հողային հատուցման գծով ան դիտել տուաւ, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիա միայն եկեղեցիներու մասին խօսի, պարզ կը դառնայ, որ ան կ՛ընդունի տեղի ունեցած իւրացումները:
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին ուղղուեցան հարցումներ, տեղի ունեցան քննարկումներ, որոնց մէջ յատկանշական էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այն հաստատումը, որ խորհրդաժողովին ընթացքին հնչած զեկուցումներուն մէջ անգամ մը եւս յստակ կը դառնայ, թէ Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի, վկայ` աշխարհով մէկ տարածուած սփիւռքը:
Ճաշի դադարէն ետք համագումարը վերսկսաւ իր աշխատանքներու երրորդ նիստին` նախագահութեամբ Ժընեւի համալսարանի Բարձրագոյն ուսմանց հիմնարկի դասախօս, փրոֆեսէօր Վերա Կոլանտ – Տեպպասի: Այս նիստի գլխաւոր նիւթն էր` «Պետութեան պատասխանատուութիւնը` ըստ միջազգային օրէնքի»: Այս ծիրին մէջ խօսք առաւ Բրիտանիոյ Ուեսթմինիսթր համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս փրոֆ. Մարքօ Ռոսինի, որ կեդրոնացաւ նշեալ նիւթին, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութենէն ծագող հարցերուն վրայ:
Սահիկներու ցուցադրութեամբ փրոֆ. Ռոսինի հիմնաւորեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց` պատմական ետդարձ մը կատարելով մինչեւ 1878-ի Պերլինի վեհաժողովը, 1894-1896-ի Համիտեան կոտորածները, յանգելով մինչեւ 1915-ի Մեծ եղեռնը: Իր նշեալ վերագրումներով փրոֆ. Ռոսինի հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւնները (օսմանեան թէ այլ վարչակարգի տակ) պատասխանատու են պատահած դէպքերուն:
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Քանատայի Օթաուայի համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս Փաթրիք Տամպըրի, որ անդրադարձաւ նիստի գլխաւոր նիւթին` Թուրքիոյ պատասխանատուութեան դիտանկիւնէն, ճշգրտօրէն` հետեւեալ բանաձեւումով. «Իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ` Թուրքիոյ վերագրուած հետեւանքները` միջազգային ապօրինի արարքներու միջազգային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ»: Ան որոշ հարցականներ դրաւ, թէ արդեօք 1923-ին Աթաթուրքի կողմէ հաստատուած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պատասխանատու կը նկատուի՞ նախորդ շրջանին պատահած դէպքերուն: «1878-1918-ի միջեւ երկարած 40 տարուան ընթացքին, Թուրքիա (Օսմանեան կայսրութիւնը) կորսնցուցած էր իր հողային տարածութեան 85 առ հարիւրը եւ 75 առ հարիւր բնակչութիւնը: Յետ 1924-ի Թուրքիան վերադարձած էր իր հիմնական, նախակայսերական շրջանի տարողութեան, իր կատարեալ ինքնութեան», ընդգծեց փրոֆ. Տամպըրի` ընդգծելով, որ Թուրքիա կը շարունակէ ներկայացնել իր պետութիւնը, այնքան ատեն որ հակառակին փաստերը չկան: Ան այս գծով իբրեւ օրինակ նշեց Ֆրանսայի եւ Իրանի պարագաները, որոնք շարունակեցին ներկայացնել Ֆրանսան ու Իրանը յաչս միջազգային հանրային կարծիքին, հակառակ Համաշխարհային Բ. պատերազմին Գերմանիոյ կողմէ Ֆրանսայի գրաւման եւ (փետրուար 1979-ին) Իրանի մէջ ծայր առած յեղափոխութեամբ իրանեան վարչակարգի փոփոխութեան:
Նիստի երրորդ բանախօսն էր Բրիտանիոյ Կլասկօ համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս Քրիսթիան Ճէյ. Թամզ, որ խօսեցաւ «Պատասխանատուութեան կիրարկման առնչուող հարցեր» նիւթին մասին: Սահիկներու ցուցադրութեամբ ան անդրադարձաւ (միջազգայնօրէն ապօրինի արարքներու պատասխանատու նկատուած) պարագաներու, ինչպէս` Լիպիան, որ դատական հետապնդումի ենթարկուելով պատասխանատու նկատուեցաւ իր միջազգայնօրէն ապօրինի արարքներուն համար: Փրոֆ. Թամզ անդրադարձաւ նաեւ Խրուաթիոյ եւ Սերպիոյ պարագաներուն` հարց տալով, թէ ո՞վ իրաւասու է հետապնդելու յանցագործները:
Այս նիստին եզրափակիչ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Խօսեցանք պատասխանատուութեան եւ կիրարկման մասին, որոնք հիմնական հարցեր են: Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան գծով հիմնականը Թուրքիոյ կեցուածքն է, որ կը մերժէ ընդունիլ ու ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէեւ կը նշէ, թէ 1915-ին պատերազմի հետեւանքով հայեր սպաննուած են»:
Աւարտին, դասախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
Սուրճի դադարէն ետք գումարուեցաւ երէկուան չորրորդ եւ վերջին նիստը` նախագահութեամբ Հռոմի Լա Սափիենզա համալսարանի եւրոպական ու միջազգային օրէնքի դասախօս փրոֆ. Էնզօ Քանինզարոյի: Այս նիստին ընդհանուր նիւթն էր «Հատուցումի իրաւունքը»:
Առաջին բանախօսն էր, Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս փրոֆ. Ռէյնար Հոֆման, որ դարձեալ սահիկներու օժանդակութեամբ պարզեց միջազգային ոճրարարքներու անհատական հատուցման պատճառներն ու պայմանները:
Անոր յաջորդեց Հոլանտայի Կրոնինկեն համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս փրոֆ. Մարսել Պրուս, որ անդրադարձաւ դատական օտար ատեաններէն միջազգային ոճրարարքներու հատուցման օրինական քայլերու հոլովոյթին: Ան յատուկ օրինակներ ներկայացուց Ինտոնեզիոյ մէջ պատահած ոճրարարքներուն վերաբերեալ:
Իսկ վերջին զեկուցաբերը` Բրիտանիոյ Տուրհամ համալսարանի միջազգային քրէական բաղդատական օրէնքի դասախօս Մայքըլ Պոհլանտըր անդրադարձաւ «Հատուցման գծով միջազգային դատական ատեաններու մօտեցման»: Յարակից պարագաներու անդրադառնալէ ետք փրոֆ. Պոհլանտըր ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ շուրջ 100 տարուան իրողութիւն է, խիստ ծանր հարց է:
Աւարտին, ներկաներու հարցումներուն պատասխանեցին յաջորդաբար երեք բանախօսները:






