Ալիեւ Ընդունած Է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը
By adminx - Sat Feb 25, 7:19 am
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Նայիմ Շահին հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին թուրք նախարարը նախ Ալիեւին փոխանցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ողջոյնները, ապա քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը ընդգծած են, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ` ներքին գործոց մարմիններու միջեւ, եւս վստահութիւն յայտնած են, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին այցելութիւնը պիտի խթանէ այդ մարզին մէջ կապերու ընդլայնումը:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է նաեւ յանցագործութեանց դէմ միացեալ պայքար մղելու կարեւորութիւնը:





