Սառած Ցամաքամաս Մը
By adminx - Sat Feb 25, 6:30 am
Հարաւային բեւեռին շրջանին մէջ գտնուող Անթարքթիքը Եւրոպայէն աւելի մեծ է: Քիլոմեթրերով սառոյցով ծածկուած այս ցամաքամասին մօտէն ծանօթանալու համար մսկոտ պէտք չէ ըլլալ…
Զարմանալի չէ, որ մարդ արարածը Անթարքթիքը գտած է միայն 1840 թուականին: Անիկա կը գտնուի աշխարհին միւս ծայրը. հոն հասնելու համար պէտք է կտրել սանձարձակ ովկիանոս մը եւ տոկալ կլիմայական ծայրայեղ պայմաններու: Հոն, բացի ծովափի երկայնքին գտնուող քանի մը մերկ ժայռերէն, ամբողջ ցամաքամասը ծածկուած է բազմաթիւ քիլոմեթրի հասնող հաստ սառոյցով մը: Միայն քանի մը անասուններ կրցած են ընտելանալ այս միջավայրին: Ինչ կը վերաբերի մարդ արարածին, անոր ներկայութիւնը այդ «հողին» վրայ ժամանակաւոր է, եւ սահմանափակուած` գիտական հետազօտութիւններու յատուկ կեցութեան վայրերուն մէջ: Հոն վտանգը կու գայ ցուրտէն: Երկրագունդին վրայ արձանագրուած ամէնէն ցած ջերմաստիճանը արձանագրուած է Վոսթոքի կեդրոնին մէջ – 89,3 աստիճան: Այս աստիճանին, բնական ձեւով հագած անձ մը չի կրնար կենդանի մնալ մէկ վայրկեանէն աւելի: Նոյնիսկ ամէնէն արկածախնդիր անձերը կը վարանին այդ ցամաքամասը այցելելու:
- Հոն անասունները առատ են. 200 միլիոն թռչուններ, որոնք 40 տարբեր տեսակներու կը պատկանին: Իսկ ովկիանոսին մէջ կարելի է հանդիպիլ կէտերու, փոկերու, ծովառիւծներու…
- Անթարքթիքի վրայ օզոնի խաւը այնքան բարակ է, որ ամառը հոն հսկայական ծակ մը կը բացուի: Օզոնը մեզի արեւուն ճառագայթներէն պաշտպանող կազ մըն է: Առանց այս բնական վահանին` այրելու եւ մորթի քաղցկեղ ունենալու վտանգները կը շատնան:
- Հոն ջուրը կը սառի - 1,8 աստիճանին, որովհետեւ անիկա աղ կը պարունակէ: Անթարքթիքի մէջ սառած ջուրեր կը շրջապատեն ցամաքամասը. նաւերուն մօտենալը անկարելի կը դառնայ:
- Իր 2300 մեթր բարձրութեամբ, Անթարքթիքը աշխարհի ամէնէն բարձր ցամաքամասն է: Օրինակի համար, Ասիան, որուն մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր լեռնաշղթան` Հիմալայեան, ունի 900 մեթր միջին բարձրութիւն:
- Անթարքթիքի ցամաքամասը 98 առ հարիւր սառոյցով ծածկուած է: Սառոյցի այս խաւը կը կոչուի Ինլանտսիս: Ինլանտսիսի ամէնէն հաստ բաժինը կը հասնի 5000 մեթրի:
- Անշուշտ, բուսականութիւնը շատ չէ աճած: Մենք հոն կը հանդիպինք յատկապէս մամուռներու, ջրախոտերու, քարաքոսերու:
Ցամաքամաս Մը` Ամբողջ Մարդկութեան Համար
1961-ին Անթարքթիքի դաշնագիրի գործադրութենէն ի վեր, Անթարքթիքը կը պատկանի բոլորին եւ ոչ մէկուն: Այն եօթը երկիրները, որոնք ցամաքամասէն բաժին կը պահանջեն (Անգլիա, Արժանթին, Չիլի, Նոր Զելանտա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Նորվեկիա), իրենց պահանջները սառեցուցած են «ամբողջ մարդկութեան շահերուն համար»: Այս ձեւով, մինչեւ 2048 թուականը այս ցամաքամասը տրամադրուած է խաղաղութեան եւ գիտութեան: Զինուորական ոչ՛ մէկ փորձեր կարելի է ընել, շողարձակ ո՛չ մէկ տեսակի նիւթեր թաղել, քարիւղ փնտռել…
Թիւեր
Ջերմաստիճան – միջին հաշուով – 10` ծովափին, – 20` 1000 մեթր բարձրութեան վրայ, – 55` 3500 մեթր բարձրութեան վրայ:- Ամէն տարի նուազ քան 5 սմ անձրեւ կը տեղայ: Իսկ ցամաքամասին կեդրոնը` յաճախ նուազ քան 2 սմ:
- Տարածք` 14 միլիոն քառ. քիլոմեթր:
- Սառած ջուրերով տարածք ձմրան վերջաւորութեան` 20 միլիոն քիլոմեթր քառակուսի:
- Անթարքթիքը պաշտօնական դրօշակ, դրամ եւ օրէնք չունի:
Խաղանք
Քառակուսի Կազմենք
Այս խաղը կրնաս խաղալ ընկերոջ մը հետ: Նպատակը քառակուսիներ կազմել եւ կէտեր շահիլն է: Կը յաղթէ այն անձը, որ ամէնէն շատ կէտեր հաւաքած կ՛ըլլայ, երբ բոլոր քառակուսիները կազմուած կ՛ըլլան:
Ինչպէ՛ս խաղալ
Իւրաքանչիւր խաղացող իր կարգին գիծ մը կը քաշէ իրարու քով գտնուող երկու աստղերու միջեւ: Կարելի է արեւի ուղղութեամբ երթալ` բացի շեղակիէն: Երբ խաղացող մը քառակուսի մը կը կազմէ հետեւեալ ձեւով կէտերը կը հաշուէ.
- Պարապ քառակուսի` 1 կէտ
- Քարտերով քառակուսի` 3 կէտ
- Կախարդական գաւազանով քառակուսի` 5 կէտ:
Մինչեւ Ո՞ւր Հասան Վայքինկները
Հիւսիսային Ամերիկայի Մէջ
Սկանտինաւիոյ վայքինկները Նոր Աշխարհին վրայ ոտքերնին դրին Քոլոմպոսի ժամանումէն 500 տարիներ առաջ: Լիֆ Էրիքսըն Ամերիկա հասնող առաջին եւրոպացիներէն մէկն էր:
1002 թուականին շուրջ ան ճամբայ ելաւ Կրինլանտէն եւ հասաւ Կրինլանտի արեւմուտքը գտնուող եւ ներկայիս Պաֆֆին Այլընտ անունով ճանչցուած կղզին, Քանատա: Ապա, հոնկէ ան ուղղուեցաւ դէպի Լապրատոր եւ Սեն Լորանի ծոցը: Ան գաղթավայր մը հաստատեց Նիւֆաունտլէնտի մէջ, որ իբրեւ կեդրոն ծառայեց վայքինկներուն` Հիւսիսային Ամերիկայի հետագայ հետախուզութիւններուն համար:
Վայքինկները վաճառականութիւն ըրին բնիկ ժողովուրդին հետ: Ժամանակի ընթացքին բարեկամական կապերը խզուեցան բնիկներուն հետ, եւ վայքինկները Կրինլանտ վերադարձան, սակայն շարունակեցին դէպի Քանատա նաւարկել փայտ բերելու համար:
մէն 500 տարիներ առաջ: Լիֆ Էրիքսըն Ամերիկա հասնող առաջին եւրոպացիներէն մէկն էր:
Ինչո՞Ւ Լերան Գագաթը Աւելի
Ցուրտ Կ՛Ընէ, Քան` Լանջին
Օդը կազմուած է միլիառաւոր մանր օդի մասնիկներէ: Ձգողութեան ուժը այս մասնիկները երկրագունդին մակերեսին մօտ կը պահէ: Արեւուն ճառագայթները նախ կը տաքցնեն երկրագունդին մակերեսը, ապա այս տաքութիւնը կը ճառագայթէ դէպի վեր, եւ այս ձեւով կը տաքցնէ շրջապատող օդի մասնիկները: Օդի մասնիկները բարձրանալով` դժուարութիւն կ՛ունենան պահելու տաքութեան ուժանիւթը: Այս պատճառով օդը շատ աւելի ցուրտ կ՛ընէ լերան գագաթը:
Ուրկէ՞ Կը Յառաջանան
Ամպերուն Ձեւերը
Կարգ մը ամպեր անասուններու կը նմանին, ուրիշներ ունին մարդու կերպարանք, կամ` հին ինքնաշարժներու ձեւեր:
Ամպերը կը կազմուին, երբ տաքցած օդը դէպի երկինք կը բարձրանայ: Երբ անիկա կամաց-կամաց կը պաղի, ջուրի շոգին կը խտանայ եւ ամպ մը կը կազմէ:
Ամպերը իրենց ձեւը կը ստանան, երբ պտուտքող օդը զանոնք դէպի տարբեր ուղղութիւններ կը հրէ: Իրականութեան մէջ ամպերը ո՛չ անասուններու, ո՛չ ալ մարդոց կը նմանին: Պարզապէս մեզի համար հաճելի ժամանց մըն է փորձել ձեւեր տեսնել անոնց կերպարանքներուն մէջ:
Ժամանց
Պատասխաններ
3. 6375 քմ: Իսկ գիտէի՞ր, թէ Ժիւլ Վեռնի «Ճամբորդութիւն դէպի երկրին կեդրոնը»:
Վէպը հրատարակուած է 1864 թուականին:
4. Հրատ: Ողիմպոս (Էլիմփուս) Մոնզ կոչուած հրաբուխը 27 քմ բարձրութիւն ունի (Էվերեսթին 3 անգամը աւելի բարձր) եւ 624 քմ լայնութիւն:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ









