«Ներքին Լիբանանեան Առումով Սուրիոյ Ընդդիմութեան Զօրակցողները Ապագայ Չունին» Շեշտեց Զօր. Լահուտ
By adminx - Fri Feb 24, 7:48 am
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ եթէ Սուրիոյ տագնապը աւելի եւս բարդանայ, ապա ան պիտի հասնի Լիբանան, եւ լիբանանցիները շատ սուղ պիտի վճարեն այդ քաոսին գինը: Զօր. Լահուտ նկատել տուաւ, որ արաբական գարնան մասին կատարուող յայտարարութիւնները արաբական աշխարհին մէջ կը նկատուին ծայրայեղութիւն, որմէ կ՛օգտուի միայն Իսրայէլ:
Ան հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով Սուրիոյ ընդդիմութեան զօրակցող կողմերը ապագայ չունին` աւելցնելով, որ նախապէս Սուրիոյ ընդդիմացող կողմերը վերադարձան Սուրիա, հետագային նոյն բեմագրութիւնն է, որ պիտի կրկնուի:
Զօր. Լահուտ զգուշացուց հիւսիսային Լիբանանի մէջ Նահր Պարետի եւ Տըննիէի դէպքերը անգամ մը եւս կրկնելէ:





