Ղոսըն Ընդունեց Փիեթոնը
By adminx - Fri Feb 24, 7:47 am
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:
Փիեթոն վերահաստատեց Փարիզի զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին անոր գործունէութեան:
Նշենք, որ Ղոսըն յառաջիկայ շաբաթ օր պիտի այցելէ Իրան` ընդառաջելով Իրանի իր պաշտօնակիցին հրաւէրին:
Կը նախատեսուի, որ Թեհրանի մէջ Ղոսըն հանդիպումներ ունենայ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ անոնց հետ քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնները:





