Ի՞Նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը
By adminx - Fri Feb 24, 6:31 am
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ մտահոգուիք վաղուան ձեր ընելիքներուն մասին: Պատրաստ եղէք ընդունելու այն անձերը, որոնց հետ ծրագիր մը իրագործելու որոշում տուած էք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կեանքը ունի իր պահանջները: Հետեւեցէք օրուան կարիքներուն: Ձեր խոստումը յարգեցէք, մանաւանդ երբ խոստացած էք նուէր մը տալ մանուկի մը կամ պատանիի մը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վիճակահանութեան տոմս մը գնեցէք ձեր բախտը փորձելու համար: Օրը կը խոստանայ բարիք, ձեր բախտին աստղերուն թելադրանքով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յոռետեսութիւնը վանեցէք ձեզմէ, որովհետեւ պատճառ մը չունիք այդպէս ըլլալու: Միացէք ձեր լաւատես եւ զուարթ բարեկամներուն: Օրը բարի է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դիւանագիտական կեցուածք ունեցէք, եթէ բարդ խնդիր մը ունիք կարգադրելու: Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ: Չէք վնասեր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պատրաստ եղէք` ընդունելու անակնկալ հիւրեր, առանց իրար անցնելու: Անոնց բարեացակամ տրամադրութիւնը պիտի աշխուժացնէ ձեզ եւ պիտի ուրախանաք միասնաբար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործարար անձ մը պիտի օգնէ ձեզի` ձեր մէկ ծրագիրը յաջողցնելու: Օրը ձեռնտու է, եւ ձեր աստղը փայլելու յոյսեր կը ներշնչէ այսօր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գաղտնապահ եղէք, ձեր լսած լուրը կրնայ անհիմն ըլլալ, հետեւաբար համբերեցէք, օրը կու գայ արտայայտուելու: Լռութիւնը ոսկի է, գիտէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օգնութեան ձեռք երկարեցէք անձի մը, զոր կը ճանչնաք: Անտարբեր մի՛ մնաք նման պարագաներու: Ձեր մորթին վրայ զգալու տրամադրութեամբ օգնեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
«Հազար չափէ, մէկ կտրէ», կ՛ըսէ առածը: Այս կը նշանակէ, որ պէտք է լաւ մտածէք նախքան որոշում մը տալը, որ կը վերաբերի ձեր ապագային:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երջանկութիւնը հոգեկան խաղաղութեան մէջ փնտռեցէք: Ժպտեցէք կեանքին, որպէսզի ան ալ ժպտի ձեզի: Ոչինչ կը վնասէք ժպտելով, այլ կը շահիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ տրտնջաք անցողակի ձախողութիւններու պատճառով: Նայեցէք ձեր շուրջը, թէ որքա՜ն անբուժելի հիւանդներ կան: Գոհացէք ձեր ունեցածով:





