ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱԲՐԱՀԱՄ – ՎԻԼՇԵՒՍՔԻ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ 31 ՄԱՐՏԻՆ` ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ
By adminx - Thu Feb 23, 7:08 am
Գերմանահայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, IBF-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յառաջիկայ 31 մարտին, պիտի կատարէ իր յաջորդ մենամարտը` Գերմանիոյ Քիլ քաղաքի «Սփարքասեն Արենա» մարզահամալիրին մէջ, կը յայտնէ Աբրահամի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Armsport.am, որ կը հաղորդէ այս լուրը, կ՛աւելցնէ ըսելով, որ հաստատուած է նաեւ Աբրահամի մրցակիցին անունը, որ EBU-ի նախկին ախոյեան, 33 տարեկան լեհ Փիոթր Վիլշեւսքին է:
Այս մենամարտի լուրին հաստատման ի տես Աբրահամ ըսաւ, որ ինք, ինչպէս միշտ, մարտականօրէն տրամադրուած է անոր եւ ինքնավստահ է, որ այս ճակատումէն յաղթական դուրս պիտի գայ:





