ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅՐԵՆԻ 9 ԸՄԲԻՇՆԵՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ԻՐԱՆ
By adminx - Thu Feb 23, 7:05 am
Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան, PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Իրանի մէջ 24-26 փետրուարին տեղի ունենալիք ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին հայրենի 9 ըմբիշներ պիտի մասնակցին անոր:
Հայրենի ըմբիշները, որոնք այս ամսուան սկիզբը չմասնակցեցան Պուլկարիոյ մրցաշարքին, այս մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունք ստացան:
Իրան մեկնած ըմբիշներն են. Արմէն Չումարեան, Յարութիւն Յովհաննիսեան, Ռոպերթ Կիրակոսեան, Նարեկ Խաչատրեան, Գէորգ Սահակեան, Ռաֆիկ Մանուկեան, Մաքսիմ Մանուկեան, Սարգիս Տոնոյեան եւ Վաչիկ Եղիազարեան:
Armsport.am կը յայտնէ, որ Իրան մեկնած պատուիրակութեան մէջ չէր Լեւոն Ջուլֆալակեան` նկատի ունենալով, որ ան ըսաւ, որ Երեւան մնալով պիտի մարզէ իր մարզիկները, որոնք պիտի մասնակցին Պելկրատի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: Նշենք, որ անոր կողմէ նկատի առնուած 7 ըմբիշները ուսումնամարզական հաւաք կը կատարեն Աւանի Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Նկատի առնուած այդ 7 ըմբիշներն են` Ռոման Ամոյեան (55 քկ), Արթուր Մկրտչեան (60), Արամ Ջուլֆալակեան (66), Արսէն Ջուլֆալակեան (74), Հրաչ Յովհաննիսեան (84), Արթուր Ալեքսանեան (96) եւ Եուրի Պատրիկէեւ (120 եւ վեր):





