ՕՄԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՀԱՄՏԱՆԸ
By adminx - Thu Feb 23, 7:45 am
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Համտանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Համտան դրուատեց աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի որդեգրած ազգային կեցուածքը` ընդգծելով, որ անիկա բացառիկ քայլ մըն է` մերժելու համար Լիբանանի մէջ տիրող աշիրեթական մտայնութեան պարտադրած լուծումները:
Ան ընդգծեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին ազգային իրաւունքին եւ ըմբոստ նախարար Շարպել Նահհասին:
Համտան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերուն լուծման շուրջ որդեգրուած սակարկումները դատապարտելի են:
Համտան նկատել տուաւ, որ այս օրերուն երկրին իշխանութեան մէջ Օմար Քարամէի նման անձնաւորութիւններուն բացակայութիւնը զգալի է:
Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Համտան յայտնեց, որ սուրիական բանակը սուրիացիներուն զօրակցութեամբ եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական ռազմավարութեամբ կրցաւ քանդել ահաբեկչական հիմնական որջերը: Ան աւելցուց, որ քանի մը օրէն կարելի պիտի ըլլայ նաեւ աւետիսներ լսել Սուրիոյ յաղթանակին եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած փոփոխութեան ու բարեկարգումին, ինչպէս նաեւ ամերիկեան-սիոնական ծրագիրին տապալումին մասին:
Համտան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն Սուրիոյ ահաբեկիչներուն օգնականներուն կողմէ Թունուզէն պիտի հրապարակուի պահանջ մը, որուն հիմնական խորագիրը պիտի ըլլայ մարդասիրական միջանցքներու հաստատումը:
«Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է զգուշ ըլլայ այս պահանջէն, որովհետեւ անիկա կրնայ երկրին ազգային միասնականութեան սպառնալ: Հետեւաբար, Լիբանանի կառավարութիւնն ու երկրին քաղաքական ուժերը պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն լիբանանեան բանակին դերակատարութեան գծով եւ պայքարին դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին դէմ:






